image

Պայտըն Ռուսաստանին խորհուրդ տուած է. Թեման կապ ունի Չինաստանի հետ

Պայտըն  Ռուսաստանին խորհուրդ տուած է. Թեման կապ ունի Չինաստանի հետ

 

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ռուսաստանին խորհուրդ  տուած է մտածել՝ արդեօք անհրաժեշտ է «մեծցնել կախուածութիւնը» Չինաստանէն: Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ պետքական արտուղարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտը, գրած է «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը:

Նուլանտը հինգշաբթի օր ելոյթ ունեցած է GLOBSEC-2021 միջազգային գիտաժողովին եւ պատասխանած է լսարանի հարցերուն: Հարցերէն մէկն այն մասին էր, թէ ինչ դեր կը խաղայ Ժընեւի ռուս-ամերիկեան գագաթնաժողովը Չինաստանի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններուն մէջ:

«Նախագահը պարզ հասկցուցած է, որ Ռուսաստանը պէտք է լրջօրէն մտածէ` արդեօք կ'ուզէ մեծցնել իր կախուածութիւնը Չինաստանէն` նկատի ունենելով Չինաստանի սպասելիքները համաշխարհային ասպարէզի մէջ»,- ըսած է Նուլանտը:

Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ճօ Պայտընի մասնակցութեամբ գագաթնաժողովը տեղի ունեցած է 16 Յունիսին` Ժընեւի մէջ: