image

Հայաստանն ունի մեծ ուժ՝ նոր մղում հաղորդելու Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն. Նիկոլ Փաշինեանը՝ Փութինին

Հայաստանն ունի մեծ ուժ՝ նոր մղում հաղորդելու Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն. Նիկոլ Փաշինեանը՝ Փութինին

Հայաստանն ունի մեծ ուժ՝ նոր մղում հաղորդելու Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն՝ ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ տնտեսական ոլորտներու մէջ. քիչ առաջ լրագրողներու առջեւ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպմանն ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Յոյս ունենք մեր յարաբերութիւնները զարգացնել նաեւ ռազմաարդիւնաբերութեան ոլորտում»,- ըսած է ան:

ՀՀ վարչապետը նշած է, որ Հայաստան կ'այցելեն շատ ռուս զբօսաշրջիկներ, կարծիք յայտնելով, որ երեւի ռուսաստանցիներուն Հայաստանը շատ «դուր կու գայ»:

«Մենք շատ բարձր ենք գնահատում Ռուսաստանի չէզոք դիրքորոշումը հայաստանեան ներքաղաքական ճգնաժամի ժամանակ»,- ըսած է ան:

ՀՀ վարչապետը նաեւ շնորհաւորած է  ՌԴ նախագահը անցած Յաղթանակի տօնի առթիւ եւ նշած, որ Հայաստանի մէջ հետեւած են այդ առթիւ կազմակերպուած ռազմական շքերթին եւ հիացած եղած ռուսական ռազմաարդիւնաբերութեան ձեռքբերումներով:



ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը յաջողութիւն մաղթած է Նիկոլ Փաշինեանին՝ յոյս յայտնելով, որ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կը զարգանան նոյն կերպ, ինչպէս մինչ հիմա:


« Կ'ուզեմ յաջողութիւններ մաղթել Ձեզ կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնին, եւ յոյս ունիմ, որ մեր յարաբերութիւնները նոյնպիսի զարգացում պիտի ունենան, ինչպէս եղած է մինչ այժմ»,-ըսած է Փութինը Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ժամանակ:


ՌԴ նախագահն ընդգծած է, որ Ռուսաստանը «Հայաստանը կը դիտարկէ որպէս տարածաշրջանի մէջ մերձաւոր գործընկեր եւ դաշնակից», -աւելցնելով, որ այդ մէկը կը վերաբերի ե՛ւ տնտեսական համագործակցութեան, ե՛ւ անվտանգութեան հարցերուն:


Փութինը յոյս յայտնած է, որ վերջին շրջանին ՌԴ-ի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան ոլորտին մէջ գրանցուած «շատ լաւ արդիւնքները կը յաջողին ոչ միայն պահպանել, այլեւ բազմապատկել»:


«Մենք կը շարունակենք միասին աշխատիլ ե՛ւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ՝ սկսած ՄԱԿ-էն, ուր մենք կ'աջակցինք միմեանց, աւարտած տարածաշրջանային կազմակերպութիւններով»,- ըսած է ան:

 

Հանդիպումն այժմ կը շարունակուի փակ դռներու ետին: