image

«Հայաստանի երեխաները ուրիշ են...» Նանօր Պալապանեան

«Հայաստանի երեխաները ուրիշ  են...» Նանօր Պալապանեան

Նանօր Պալապանեանը Սան Ֆրանսիսքոյէն Հայաստան եկած է Կոտայքի մարզի Ախպրաձոր եւ Սիւնիքի մարզի Շուանիձոր համայնքներուն մէջ դպրոցականներու համար ամառային ճամբարներ կազմակերպելու նպատակով։ Ախպրաձորի մէջ այս տարի արդէն 8-րդ անգամ Նանօրը կամաւորներու հետ ճամբար կազմակերպած է:

Նանօրը 29 տարեկան է, ծնած է Սուրիոյ մէջ, մեծացած Լիբանանի մէջ, այնուհետեւ տեղափոխուած է ԱՄՆ։ Առաջին անգամ Հայաստան եկած է 10 տարի առաջ, աշխատանքային այցով եղած է Ախպրաձոր գիւղը։ «Այդ պահին հմայուեցայ այս գիւղով, որոշեցի բան մը ընել այս գիւղի համար, քանի որ ամէն ինչէ կտրուած գիւղ է, թաքնուած ճանապարհ ունի, կտրուած ամէն բանէ»,- ըսած է ան։

Հայաստանէն Ամերիկա վերադառնալէ ետք սորված է Քալիֆորնիոյ Սանթա Պարպարայի համալսարանին մէջ, յետագային Սթենֆորտի համալսարանին մէջ, ստացած է պատմութեան ուսուցիչի որակաւորում, սակայն որոշած է իւրաքանչիւր ամառ այցելել արդէն հարազատ դարձած Ախպրաձոր եւ Շուանիձոր համայնքներ։

«Շատ սիրեցի գիւղացիները, գիւղի մասին փոքր ֆիլմ տեսերիզ պատրաստեցի, ընկերներուս ցոյց տուի, որոշեցինք միասին լաւ բան ընել երեխաներուն համար, մէկ օրով ընկերներուս հետ այցելեցինք գիւղ եւ փոքր ճամբար կազմակերպեցինք»,- այսպէս ծնաւ գիւղին մէջ ամառային ճամբարներ իրականացնելու գաղափարը:

Ամերիկա վերադառնալէ ետք Նանօրը դիմած է դրամաշնորհային ծրագրի ու 20 տարեկանին ստացած է առաջին դրամաշնորհը եւ Ախպրաձորի դպրոցին մէջ համակարգիչի սենեակ հիմնած:

2011-էն Ախպրաձորի , Շուանիձորի, Դիտաւանի եւ Շուշիի մէջ Նանօրն ընկերներու, կամաւորներու հետ կը շարունակէ ամառային ճամբարներ իրականացնել, ճամբարին մէջ կը սորվեցնեն չորս առարկայ` համակարգչային հմտութիւններ,  ձեւաւորում եւ անգլերէն: Երեկոյեան ժամերուն մասնակիցները  կը շրջին գիւղին մէջ։

Նախաձեռնութիւնը կը կոչուի  «Թաքնուած ճանապարհ», որու հիմնական անդամները ինը աղջիկ են, մէկը՝ մեքսիքացի։

Նանօրը մեծ ցանկութիւն ունի, որ իր աշակերտները դուրս գան գիւղէն, սորվին համալսարանի, քոլէճի մէջ եւ նորէն վերադառնան գիւղ ու բարելաւեն գիւղի կեանքը։ «Միտում կայ, որ գիւղէն երբ աղջիկները կ'երթան, ետ չեն գար, իսկ տղաները կ'երթան բանակ, վերադառնալէ ետք չեն ուզեր ուսումը շարունակել: Ես կ'ուզեմ փոխել այդ կարծրատիպը»,- ըսած է Նանօրը։

Նանօրի կարծիքով՝ ճամբարները դրական ազդեցութիւն կ'ունենան գիւղի երեխաներուն համար, քանի որ անոնք կը սկսին ինքնուրոյն ծրագիրներ մշակել:Այս տարի Ախպրաձորի ճամբարին մասնակցած է 50 աշակերտ։ 24 Յունիսին, մեկնարկած է Շուանիձորի ճամբարը, որուն մասնակցած է 70-80 աշակերտներ։ Ճամբարները կ'իրականացուին գիւղերու դպրոցներուն մէջ։Նախաձեռնութեան հիմնադիրը նպատակ ունի գալ եւ հիմնական բնակութիւն հաստատել Հայաստանի մէջ:

«Այստեղ երեխաներուն մէջ յարգանք կայ, գոհունակութեան զգացում կայ, այստեղ երեխաներուն մէջ հոգի մը կայ, այստեղ տարբեր է»,- ըսած է Նանօր Պալապանեանը։

Ամալիա Մարգարեան 

hetq.am

 

 

 

 

(Լուսանկարներ)