image

«Հայ երիտասարդին ապագայի միակ դուռը Հայաստանի դուռն է...» Կարէն Անտոնեան

«Հայ  երիտասարդին ապագայի  միակ դուռը Հայաստանի դուռն է...» Կարէն Անտոնեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Երեւանի Եւրոպական համալսարանի ուսանող, այնճարցի   Կարէն Անտոնեան.

 

-Գիտենք որ  համակարգչային  ոլորտի (IT ոլորտ) ուսանող էք, ինչո՞ւ ընտրեցիք այս ճիւղը եւ ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ կը շարունակէք ձեր ուսումը:


Ծնած եմ Լիբանանի Այնճար գիւղին մէջ, յաճախած եմ գիւղիս Յառաջ Կիւլպէնկեան վարժարանը, եւ հիմա կը յաճախեմ Հայաստանի Եւրոպական համալսարանը: Երկրորդականի տարիներուս  արդէն որոշած էի ուսումս շարունակել Հայաստանի մէջ. թերեւս հայրենիքի կարօտն էր, որ   զիս այդ ճամբուն   բերաւ, բայց վստահ եմ, որ ճիշդ որոշում առած եմ եւ ճիշդ մասնագիտութիւն ընտրած:

Իսկ ինչո՞ւ Այ Թի ոլորտը, այս ոլորտը ընտրած եմ, որովհետեւ  մեր  օրերուն աշխարհը արհեստագիտութեան ետեւէն կը վազէ։ Իմ կարծիքովս, գալիք տասնամեակներուն առաջին հինգ լաւագոյն ասպարէզներէն մէկը Այ Թի-ն   պիտի ըլլայ  եւ անշուշտ հետաքրքրուած եմ այս ոլորտով, որովհետեւ միշտ կը փորձեմ քայլ պահել ժամանակին հետ։ Ծրագրաւորումը այնպիսի ոլորտ է, որ պէտք է լաւագոյնդ տաս, որպէսզի արդիւնքդ լաւ ըլլայ եւ լաւ ձեւով գնահատուիս:

 

 

-Շատեր կ'ըսեն, որ Հայաստանի մէջ այս ոլորտը բաւական բարձր մակարդակի վրայ է. դուն, որ կու գաս Լիբանանէն կամ Միջին Արեւելքէն, այդտեղի հետ համեմատած աւելի բա՞րձր է մակարդակը, ի՞նչ է կարծիքդ:


Ինչպէս բոլորս կը տեսնենք Հայաստանի մէջ, Այ Թի ոլորտը շատ առաջ գացած է: Այս  խօսքը  ճշմարտութիւն է: Հայաստանի մէջ տեղի կ'ունենան Այ Թի սեմինարներ, որ արդէն ինքնին կը նշանակէ, որ Հայաստանը Այ թիի մէջ շատ առաջ գացած երկիր  է, Միջին Արեւելքի շատ մը երկիրներէ: Եւ անշուշտ, երբ կը տեսնենք, որ Հայաստանի մէջ զարգացած է այս ոլորտը, ըսել է, ուսման մակարդակն ալ   բարձր է։ Եւ ժողովուրդիս ու հայրենիքիս զարգանալը տեսնալով, ինչու ես ալ իմ տունս չվերադառնամ եւ այստեղէն չծաղկեցնեմ իմ ապագաս:

Հակառակ որ նախորդ իշխանութիւնները քարկոծուեցան եւ բոլորս ալ համաձայն ենք, որ երկիրը կողոպտեցին, բայց նոյնպէս չենք կրնար մոռնալ, որ Այ Թի ոլորտի մէջ Հայաստանը առաջ տարին, հեռանկար ունենալով, որ ապագային Հայաստանը արհեստագիտութեան մէջ առաջ կ'երթայ:  Այսինքն, նախորդ իշխանութեան օրերուն լաւագոյն գործերէն մէկը կրնանք համարել Այ թի ոլորտի զարգացումը:

 Ըսեմ նաեւ, որ   հիմա  ոչ միայն ես, այլ նաեւ   քոյրս  այստեղ   կ՚ուսանի։ Ի դէպ  քոյրս իր երկրորդ մասնագիտութիւնն է, որ կ՚ընէ  եւ միշտ կ'ըսէ, որ Հայաստանի մէջ ուսանիլը աւելի դիւրին է, որովհետեւ օտար չենք զգար մենք մեզի  հայկական  հողի  վրայ: Իսկ Լիբանանի մէջ եթէ ուսումս պիտի շարունակէի,, պէտք է որ օճախս ձգէի եւ երթայի Պէյրութ, բայց ինչո՞ւ օճախս ձգեմ եւ Պէյրութ երթամ, երբ կարելիութիւնը ունիմ օճախս ձգել եւ վերադառնալ տուն:

Ուսման մակարդակի առումով Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ ուսման մակարդակը  գրեթէ նոյնն է, բայց որովհետեւ բոլորս ալ կը տեսնենք Հայաստանի մէջ Այ Թի ոլորտի զարգացումը, ուրեմն Հայաստանի մէջ դիմացնիս շատ աւելի հնարաւորութիւններ կան...  


-Երբ ուսումդ աւարտես, կը մտածե՞ս վերադառնալ Լիբանան , թէ՞ Հայաստան պիտի շարունակես կեանքդ: Եթէ գործի հնարաւորութիւններ ունենաս, ի՞նչ երազներ ունիս Հայատանի մէջ:

 

Ես համոզուած եմ, որ բոլոր սփիւռքահայերը պէտք է տուն վերադառնան, բայց անշուշտ այդ առումով մեր առջեւ դժուարութիւններ կան, որոնք պէտք է յաղթահարուին, պէտք է  լաւ  աշխատանք ունենանք, որ նիւթապէս խնդիրներ չունենանք, որպէսզի մեր ընտանիքները ապահով կերպով  կարենանք պահել մեր հայրենիքին մէջ:

Երազի իամստով, կրնամ ըսել, որ ես կ'ուզեմ իմ ընտանիքս Հայաստանի մէջ կազմել եւ հաստատել եւ  կեանքս կ'ուզեմ հայրենիքի  մէջ շարունակել։ Քսան տարիներ օտարութեան մէջ ապրած եմ եւ հայ մնալու համար պայքարած եմ, չեմ ուզեր որ իմ զաւակներս ալ այդ մտահոգութիւնը ունենան, թէ ինչպէս պիտի պայքարին օտարութեան դէմ:  Ես իմ ծնողներուս մտահոգութիւնը տեսած եմ եւ ինչո՞ւ նոյն մտահոգութիւնը ունենամ, երբ կրամ հայրենիք հաստատուիլ:

 

-Կ'ըսեն, որ Միջին Արեւելքի երիտասարդութեան ապագան մութ է, արդեօ՞ք իրապէս այդպէս է, մանաւանդ հայ երիտասարդներու պարագային ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիս դուն:


Միջին Արեւելքի կրակը միշտ վառած եղած է, մանաւանդ «արաբական գարուն»էն   ետք ալ  իրավիճակը  աւելի վատթարացաւ։ Գաղտնիք ալ չէ, որ այս օրերուն  Միջին Արեւելքի տնտեսութիւնը խանգարուած է: Կայուն չէ երկրին վիճակը, մանաւանդ որ Լիբանանի մէջ տնտեսութիւնը տուժեց   եւ անապահովութիւնը գլուխ առած կ'երթայ: Ես կը կարծեմ, որ այս խնդիրները հիմնական պատճառ եղան, որ հայ երիտասարդութիւնը դէպի հայրենիք սեւեռէ իր աչքերը:  Անշուշտ դէպի օտարութիւն գացողներ ալ միշտ եղած են, բայց այս վերջին շրջանին, մանաւանդ Սուրիոյ պատերազմէ ետք, սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը իր աչքերը դէպի հայրենիք յառեց,  որովհետեւ միշտ մութ եղած էր Միջին Արեւելքը։ Լիբանանը ունեցաւ իր քաղաքացիական պատերազմը, հիմա Սուրիան ալ կ'ապրի նոյնը։ Այսօր  երիտասարդութեան մեծ մասը ուսանող  խաւն է, որ չուզեր եւ չի կրնար գոհանալ Միջին Արեւելքի տնտեսական վիճակով եւ կ'ուզէ դուրս ելլել այդ խաւարէն, իսկ հայ երիտասարդին միակ դուռը հայրենիք դուռն է:

 

-Շրջան մը եղաւ, որ Այնճարը իրապէս վտանգուած էր, հայաւանին  շուրջ ապրող ծայրայեղականներուն պատճառով, հիմա ի՞նչ է վիճակը:


Այնճարը եղած է միշտ ապահով, որովհետեւ միշտ կազմակերպուած է: Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն եւ Այնճարի քաղաքապետութիւնը միշտ Այնճարով մտահոգ են եւ գիւղացիները միշտ ապահով են: Այնճարցին  միշտ ալ յաղթահարած   է ամէն տեսակի  դժուարութիւն, ինչպէս  որ մեր պապերը Մուսա լերան վրայ յաղթեցին օսմանեան կայսրութեան բանակին եւ չյանձնուեցան թուրքին: Թէեւ այլազգ գիւղացիներով շրջապատուած ենք, բայց միշտ կը փորձենք հետերնին համերաշխ ապրիլ: Ամենադժուար օրերը, իմ ապրած տարիներուս, կրնամ ըսել, Սուրիոյ տագնապի օրերն էին, որովհետեւ Այնճարը սահմանամերձ գիւղ ըլլալով,  սուրիացի փախստականներ կ'ուզէին լեռնային  ճամբաներով    Լիբանան անցնիլ։  Այդ օրերուն էր, որ որոշ մտահոգութիւններ կային, սակայն  այսօր  իրավիճակը  կայուն  է ու գիւղը  ՝ ապահով։  Չմոռնանք, որ Այնճարը  համայն Մուսալեռցիներուն մայրաքաղաքն է, եւ պիտի մնանք ու պահպանենք մեր սիրելի Այնճարը: Վերջին տաս տարուան ընթացքին տեղի   պատկան  մարմինները  հիմնովին վերանորոգեցին ՝ քաղաքապետարանը, «Սարգիս  Զէյթլեան»  կեդրոնը, ԼՕԽ-ի դարմանատունը, Ազգային վարժարանը, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի մարզահամալիրը եւ այս կը նշանակէ, որ Այնճարցին անխախտ է Այնճարը պահպանելու եւ պաշտպանելու  իր  կեցուածքին մէջ:

 

-Դուն, որ արդէն որորշ փորձառութիւն մը ունիս Հայաստան ապրելով, ի՞նչ կ'ուզէիր ըսել սփիւռքի երիտասարդութեան:


Մենք պարտադրուած սփիւռք ենք, մենք չենք լքած Հայաստանը, մեզի հանած են մեր տուներէն: Պարտադրուած սփիւռքացած հայութիւնը միշտ կազմակերպուած եղած է, որովհետեւ բոլորիս երազը միշտ եղած է նոյնը՝ ունենալ ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստան եւ բոլորիս նպատակը եղած է վերադառնալ տուն, հայրենիք: Բայց հիմա կը տեսնենք նոր սփիւռք մը, որ իրենք իրենց կամքով ձգած են հայրենիքը եւ գացած են օտարութեան ...  Իմ  եւ շատերու  կարծիքով, Հայաստանը  միայն երեք միլիոն հայու  հայրենիքը  չէ, այլ 10 միլիոն հայերու հայրենիքն է: Պէտք է որ հայաստանաբնակ հայերը սփիւռքին հարազատ եղբօր պէս ընդունին, եւ ոչ թէ խորթ եղբօր պէս, բան մը որ  մեզ պէս տաքարիւն երիտասարդութեան կը նեղացնէ, իսկ այս նոր սփիւռքը, որ հայրենիքը ձգած հեռացած է, պէտք է իր որոշումը վերատեսութեան ենթարկէ եւ ետ վերադառնայ:  Ամէն   հայ իր ներդրումը կրնայ ընել հայրենիքի համար, ըլլայ նիւթական կամ բարոյական, առանց   հրաւէրի սպասելու... Հայաստանը  մեր հայրենիքն է, եթէ մենք չընենք, ո՞վ պիտի ընէ. եթէ պիտի սպասենք, որ օտարը գայ եւ զարգացնէ մեր երկիրը, արդէն սխալ մտածումի մէջ ենք: