Աշխէն Գէորգեանը արդէն 3.5 տարի է՝ կ'ապրի Աֆղանստանի մէջ եւ կ'աշխատի ՆԱԹՕ–ի մէջ՝ որպէս մարդկային ներուժի հարցերու խորհրդատու։
Տեսակապով NEWS.am–ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ Աշխէնը պատմած է, որ աշխատանքի համար դիմելու ժամանակ չէր ալ պատկերացներ, որ ինք կ'ընտրուի։
«Համացանցով յայտարարութիւն մը տեսայ, դիմեցի, հետաքրքիր փուլերէ անցայ, այնուհետեւ զիս հրաւիրեցին Հոլանտա՝ հարցազրոյցի։ Գացի, բայց թերահաւատ էի, չէի մտածեր, որ ես կ'ընտրուիմ հարիւրաւոր դիմորդներուն մէջէն։ Չէի հաւատար, բաւականին տարօրինակ զգացողութիւն էր, բազմաթիւ միջազգային կառոյցներու դիմած էի աշխատանքի համար, բայց այս մէկը յաջողեցաւ։ Լուրջի չէի առներ եւ չէի հաւատար, որ Հայաստանի ներկայացուցիչը կրնայ աշխատանքի ընդունուիլ միջազգային կառոյցի մէջ, բայց փաստօրէն, իմ ուժերով կրցայ յայտնուիլ այնտեղ, ուր յայտնուած եմ»,– կը պատմէ ան։
Աշխէնը արմատներով Քաջարանէն է, փոքր հասակին տեղափոխուած է Երեւան։ Առաջին մասնագիտութեամբ անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի թարգմանիչ է, այնուհետեւ աւարտած է Ամերիկեան համալսարանն ու ստացած մագիստրոսի կոչում պիզնես կառավարման ոլորտի մէջ։ Հայաստանի մէջ Աշխէնը աշխատած է ՄԱԿ-ի գրասենեակի մէջ, ԱՄՆ դեսպանատան մէջ, ապա որոշած է իր գործունէութիւնը շարունակել միջազգային այլ կառոյցներու մէջ։ Ընտանիքը սկիզբը ծանր տարած է դստեր որոշումը, բայց յետոյ համակերպած են։ ՆԱԹՕ–ի հետ պայմանագիրը ի սկզբանէ 1 տարիով եղած է, բայց լաւ աշխատելու շնորհիւ ան կը կրցած է անընդհատ երկարաձգել պայմանագիրը։
Հարցին՝ երբ մտադիր է տեղափոխուիլ Հայաստան, Աշխէնը ժպիտով պատասխանած է. «Ես 2-3 ամիսը մէկ Հայաստան կու գամ 2-3 շաբաթով, կարելի է ըսել, Հայաստանի ամբողջ անցուդարձին, իրադարձութիւններուն տեղեակ եմ, մասնակից եմ»։
Աշխէնը նշած է, որ Աֆղանիստանի մէջ ապրելուն հեշտ է յարմարիլ, քանի որ շատ կը սիրէ աշխատանքն ու այն խումբը, որուն հետ այսօր կ'աշխատի։ Անոր շատ կ'օգնեն նաեւ Աֆղանստանի մէջ ծառայող հայ խաղաղապահները. «Անոնց շնորհիւ է, որ այսօր այս աշխատանքը ունիմ, քանի որ հայը կրնայ աշխատիլ այնտեղ, ուր խաղաղապահ զօրախումբ ունի։ Շատ կը հպարտանամ մեր տղաներով»։
Նշենք, որ Աշխէնը ՆԱԹՕ–ի մէջ աշխատող միակ հայուհին է։