image

Հատուածներ ՀՀ Վարչապետ Սերժ Սարգսեանի Ազգային Ժողովին առջեւ այսօր ունեցած ելոյթէն

Հատուածներ ՀՀ Վարչապետ Սերժ Սարգսեանի Ազգային Ժողովին առջեւ այսօր ունեցած ելոյթէն

    ՀՀ  Վարչապետ այսօր Ազգային Ժողովի  դահլիճէն  ներս  տեղի ունեցած   նիստին ընթացքին ունեցաւ  ելոյթ մը:  Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՀ Վարչապետին  այսօրուան  ելոյթէն հատուածներ:

   «Մօտ շաբաթներու ընթացքին պիտի հաստատենք Հայաստանի զարգացման ռազմավարութիւնը մինչեւ 2030 թուական, ուր ներառուած պիտի ըլլան բազմաթիւ դրոյթներ նաեւ մինչեւ 2040 թուականը մեր անցնելիք ճանապարհի:Այդ ծրագիրը ներկայացնելէ ետք՝ բոլորին համար հասկնալի պիտի ըլլայ, որ մինչեւ 2040 թուականը 4 միլիոն քաղաքացի ունենալու յայտարարութիւնը ո՛չ միայն յայտարարութիւն էր, որ այստեղէն հնչէ, այլ իրատեսական էր եւ անպայման պիտի իրականացնեն: Այդ առումով կ՝ապաւինիմ նաեւ ՀՅԴ-ի աջակցութեան, որ այդ հարցով լաւագոյն օժանդակութիւնը կրնայ ապահովել»:

«Ի հարկէ, հասկնալի է, որ չենք կրնար միլիոնաւոր մարդոց համոզել Հայաստան գալու, բայց առնուազն 100 հազարներու կրնանք, որովհետեւ բոլորը չէ, որ ՀՀ-էն արտագաղթելով հասած են իրենց երազանքի իրականացման եւ որոշ տնտեսական պայմաններ ապահովելու պարագային՝ անոնք գոնէ պիտի սկսին այդ ուղղութեամբ մտածել: Իսկ եթէ յաջողինք խաղաղ ճանապարհով լուծելու նաեւ մեր անվտանգութեան խնդիիրները, կը կարծեմ՝ ներգաղթը  շատ էական պիտի ըլլայ»:

 

«Չեմ կրնար յայտարարել, որ տեսանելի ապագային այն բոլոր խնդիրները, որ կան, իսպառ պիտի վերացուին եւ մեր երկիրը պիտի նմանի դրախտի»

«Մեր  արիւնահոսող վէրքը արտագաղթն է, որ միայն Հայաստանին չէ բնորոշ, ուղղակի մեր պարագային, քանի որ մենք քիչ ենք, ատիկա շատ ցաւոտ կ՝անդրադառնայ. Բացի այդ, մեր ներուժը կրնայ հասնիլ այնպիսի կէտի մը, որ բաւարար չըլլայ ապահովելու նոյնիսկ մեր սահմաններու պաշտպանութիւնով։ Ասիկա կայ, ու ասիկա նաեւ ներքաղաքական ու իրական հակառակորդներու ցանկութիւնն ու նպատակադրումն է»:

« Հայաստանի ՀՆԱ-ն 2007-ի սկիզբը 2 դռիլիոն 656 միլիառ դրամ կը կազմէր, 2017 թուականի աւարտին 5 եռիլիոն 580 միլիառ դրամ։ Այսինքն մեր ՀՆԱ-ն այդ ընթացքին աճած է 2,1 անգամ:ՀՆԱ-ն ամերիկեան տոլարով եղած է 6 միլիառ 385 միլիոն տոլար, այժմ 11 միլիառ 560 միլիոն տոլար է. աճը 1,8 անգամ:  Մէկ շունչին հասնող ՀՆԱ-ն եղած է 849 հազար դրամ, հիմա 1 միլիոն 873 հազար դրամ, աճը 2,2 անգամ:

2007 Յունուար 1-ին, Հայաստանի առեւտրային դրամատուներուն մէջ եղած են դրամական աւանդներ ֆիզիքական անձերու կողմէ 143,6 միլիառ դրամ, իսկ 2018 Յունուար 1-ի դրութեամբ, ՀՀ առեւտրային դրամատուներուն մէջ այդ աւանդներու փողային քանակը կազմած է 1 եռիլիոն 553 միլիառ դրամ։ Այսինքն մեր քաղաքացիներու խնայողութիւնները 10 անգամ աւելցած են, ու որպէսզի չըսեն, որ այս երկրին մէջ միայն հարուստները դրամ կը պահեն կամ աւանդ կը դնեն դրամատուներու մէջ, նշեմ, որ այդ 1 եռիլիոն 553 միլիառ դրամի ճնշող մեծամասնութիւնը մինչեւ 7 միլիոն դրամ աւանդներն են։ 1 միլիոն ՀՀ քաղաքացի ունի աւանդ: Ասոնք թիւեր են, որոնցմէ չենք կրնար խուսափիլ»: «2007 Յունուար 1-ի դրութեամբ ՀՀ-ի մէջ հաշուառուած էր 333 հազար ինքնաշարժ, 2018 Յունուար 1-ի դրութեամբ՝ հաշուառուած է 616 հազար ինքնաշարժ»: