image

Հակառակորդին կողմէ գլուխէն մահացու գնդակ ստացած է 19-ամեայ զինուոր Սէյրան Մանուէլի Սարգսեանը

Հակառակորդին կողմէ գլուխէն մահացու գնդակ ստացած է 19-ամեայ զինուոր  Սէյրան Մանուէլի Սարգսեանը

Հինգշաբթի, 28 Սեպտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 3ին, N զօրամասի պահպանութեան շրջանի մարտական դիրքին ուղղութեամբ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցին իբրեւ հետեւանք գլուխէն մահացու գնդակ ստացած է պարտադիր ժամկէտային զինուոր, կրտսեր սերժանտ Սէյրան Մանուէլի Սարգսեան:

Երկրորդ կայազօրային քննչական բաժինը յարուցած է քրէական գործ՝ ազգային, ցեղային կամ կրօնական ատելութեան կամ կրօնական մոլեռանդութեան շարժառիթով սպանութիւն կատարելու այս դէպքին առիթով:

Նահատակ զինուոր Սէյրան Սարգսեան Տաւուշի մարզի Թեղուտ գիւղէն էր: Ան բանակ զօրակոչուած էր անցեալ տարի:

19ամեայ Սէյրանը նիւթապէս անապահով ընտանիքէ էր. եղբայրը տարի մը առաջ մահացած էր:

Նշենք, որ նախագահ Բակօ Սահակեան յետ մահու «Մարտական ծառայութիւն» շքանշանով պարգեւատրեց Սէյրան Սարգսեանը: