Ձորաղբիւրի միջնակարգ դպրոցին մէջ տեղակայուած թիւ 29/45 ընտրատեղամասին մէջ իր քաղաքացիական պարտքը կատարեց ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Ան նշեց, որ իր ընտրութիւնը կատարած է դեռ 33 տարի առաջ, այսօր ալ իր վերաբերմունքը չէ փոխուած:
«Ես քուէարկել եմ յանուն անվտանգ, ինքնիշխան, տնտեսապէս զարգացած Հայաստանի, Արցախի հանրապետութիւնների, յանուն հզօր հայկական բանակի, յանուն մեր սահմանների անձեռնմխելիութեան, յանուն մեր հասարակութեան հաշտեցման»,-ըսած է Սերժ Սարգսեանը՝ կարեւորելով հասարակութեան պառակտուածութեան խնդիրը լուծելը: Ան ընդգծած է, որ պառակտուած հասարակութեան պարագային հնարաւոր չէ ինչ-որ բանի հասնիլ՝ ոչ անվտանգութիւն, ոչ տնտեսական առաջընթաց:
Հարցին, թէ խորհրդարանին մէջ որ այլ ուժերու հետ «Պատիւ ունեմ» դաշինքը կը պատկերացնէ համագործակցութեան հնարաւորութիւնը, Սերժ Սարգսեանը նշած է, որ դեռ վաղ է այդ մասին խօսիլը:
«Այս ընտրութիւնները նախորդներից զգալիօրէն տարբերուում են, եւ հիմա առիթների վերաբերեալ կանխատեսումներ անելն անշնորհակալ գործ է: Ընտրութիւններու արդիւնքներից յետոյ կը խօսենք նման հարցերի մասին»,-ըսած է Սերժ Սարգսեանը:
Լրագրողները հետաքրքրուեցան, թէ ինչու ՀՀ նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեանը չի սատարեր «Պատիւ ունեմ» դաշինքին, այլ կը սատարէ «Հայաստան» դաշինքին, Սերժ Սարգսեանը նշած է, որ այդ Կարէն Կարապետեանին պէտք է հարցնել: