image

Ղարաբաղի ժողովուրդի դէմքին ես անկեղծ ժպիտ տեսայ. գերմանացի ճանապարհորդ՝ Եան Գլայն. տեսանիւթ

Ղարաբաղի ժողովուրդի դէմքին  ես անկեղծ  ժպիտ   տեսայ. գերմանացի ճանապարհորդ՝ Եան Գլայն. տեսանիւթ

«Ղարաբաղի ժողովուրդը  հիւրասէր է եւ անկեղծ: Անոնք շահ ապահովելու համար չէ, որ կը ժպտան,  այլ  անկեղծ են»,-Ստեփանակերտի  մէջ «Արեւելք»ին   ըսաւ   գերմանացի  ճանապարհորդ   Եան   Գլայն:   Եան, որ իր համար    ընտրած  է   «Կոզ Ապրոտ»  (Goes Abroad)  ծածկանունը, Ղարաբաղ  հասած է  կտրելով  զանազան քաղաքներ,  եւ անոր նպատակն է   ասիական երկիրներու մեծ  շրջապտոյտ  մը կատարել  եւ  հասնիլ մինչեւ Փաքիստան:   «Ես քիչ  ետք Հադրութ  պիտի երթամ,  իմացայ, որ  շատ  գեղեցիկ շրջան մըն է, եւ հոն մը քանի օր մնալէ ետք դարձեալ  Ստեփանակերտ պիտի վերադառնամ  ու  ապա  անցնիմ Թեհրան»:   Եան, որ իր ըսելով տակաւին    բաւարար ժամանակ չէ ունեցած   շփուելու  Ղարաբաղի ժողովուրդին հետ,  նաեւ    ըսաւ, որ  «ինծի հիացնողը այս ժողովուրդին   սիրալիր  եւ պատրաստակամ  ըլլալն է: Կը զգաս, որ դրամի համար չէ անոնց մարդամօտութիւնը, այլ  հիւրասէր ըլլալը     հայերուն  ու ղարաբաղցիներուն համար   կարեւոր յատականիշ  մըն է»:   Եան  նաեւ ըսաւ, որ  բաւական դժուար պիտի ըլլայ Փաքիստան երթալը, բայց  ինք, այս բոլորը աչքը առնելով, որ  ճամբայ ելած է: «Իրան երկու ամիս պիտի մնամ, տրուած   ըլլալով, որ բաւական մեծ  երկիր   մըն է: Հոնկէ   պիտի անցնիմ Իրան-Փաքիստան   սահմանային հատուածը, որն առանց    սահմանային ուժերու օգնութեան անհնար  է  մուտք  գործել, որովհետեւ ինչպէս գիտէք,  Պալուշստանը զինուորական գործողութիւններու թատերաբեմ է»: Գերմանացի ճանապարհորդը, որ  աւարտած է Ֆրանքֆորթի   համալսարանը,  ըսաւ, որ մտադիր է   յառաջիկայ  հանգրուանին հայերէն սորվիլ. «Շատ անհրաժեշտ է լեզու իմանալը,   հիմա  որ  Իրան պիտի մեկնիմ  շատ  աւելի ինքնավստահ եմ, որովհետեւ քիչ մը   պարսկերէն գիտեմ,  յառաջիկայի  ծրագիրներուս  կայ  հայերէն լեզուն  սորվիլ եւ ամէն գնով պիտի յաջողցնեմ  ատիկա»: Եան   բացատրելով  իր ճանապարհորդութիւններ կատարելու նպատակը,   ըսաւ՝   «Ինծի համար   գլխաւոր նպատակը մարդոց հետ խօսիլն է եւ   ճանապարհորդութիւնը առիթներ կու տայ, որ   անծանօթ  մարդոց ճանչնաս ու լսես անոնց  պատմութիւնները, տեղեկանաս անոնց կեանքին, անցեալին   եւ արմատներուն  մասին»:

Եան  շնորհաւորեց  արցախցիները՝  ԼՂՀ  անկախութեան  տօնին  առթիւ եւ     խաղաղութիւն մաղթեց   անոնց ու համայն  հայ ժողովուրդին   յոյս   յայտնելով, որ ղարաբաղցիներու դէմքերուն ուրուագծուած ժպիտը  յաւերժօրէն  ուղեկից  կ'ըլլայ իրենց: