«Ղարաբաղի ժողովուրդը հիւրասէր է եւ անկեղծ: Անոնք շահ ապահովելու համար չէ, որ կը ժպտան, այլ անկեղծ են»,-Ստեփանակերտի մէջ «Արեւելք»ին ըսաւ գերմանացի ճանապարհորդ Եան Գլայն: Եան, որ իր համար ընտրած է «Կոզ Ապրոտ» (Goes Abroad) ծածկանունը, Ղարաբաղ հասած է կտրելով զանազան քաղաքներ, եւ անոր նպատակն է ասիական երկիրներու մեծ շրջապտոյտ մը կատարել եւ հասնիլ մինչեւ Փաքիստան: «Ես քիչ ետք Հադրութ պիտի երթամ, իմացայ, որ շատ գեղեցիկ շրջան մըն է, եւ հոն մը քանի օր մնալէ ետք դարձեալ Ստեփանակերտ պիտի վերադառնամ ու ապա անցնիմ Թեհրան»: Եան, որ իր ըսելով տակաւին բաւարար ժամանակ չէ ունեցած շփուելու Ղարաբաղի ժողովուրդին հետ, նաեւ ըսաւ, որ «ինծի հիացնողը այս ժողովուրդին սիրալիր եւ պատրաստակամ ըլլալն է: Կը զգաս, որ դրամի համար չէ անոնց մարդամօտութիւնը, այլ հիւրասէր ըլլալը հայերուն ու ղարաբաղցիներուն համար կարեւոր յատականիշ մըն է»: Եան նաեւ ըսաւ, որ բաւական դժուար պիտի ըլլայ Փաքիստան երթալը, բայց ինք, այս բոլորը աչքը առնելով, որ ճամբայ ելած է: «Իրան երկու ամիս պիտի մնամ, տրուած ըլլալով, որ բաւական մեծ երկիր մըն է: Հոնկէ պիտի անցնիմ Իրան-Փաքիստան սահմանային հատուածը, որն առանց սահմանային ուժերու օգնութեան անհնար է մուտք գործել, որովհետեւ ինչպէս գիտէք, Պալուշստանը զինուորական գործողութիւններու թատերաբեմ է»: Գերմանացի ճանապարհորդը, որ աւարտած է Ֆրանքֆորթի համալսարանը, ըսաւ, որ մտադիր է յառաջիկայ հանգրուանին հայերէն սորվիլ. «Շատ անհրաժեշտ է լեզու իմանալը, հիմա որ Իրան պիտի մեկնիմ շատ աւելի ինքնավստահ եմ, որովհետեւ քիչ մը պարսկերէն գիտեմ, յառաջիկայի ծրագիրներուս կայ հայերէն լեզուն սորվիլ եւ ամէն գնով պիտի յաջողցնեմ ատիկա»: Եան բացատրելով իր ճանապարհորդութիւններ կատարելու նպատակը, ըսաւ՝ «Ինծի համար գլխաւոր նպատակը մարդոց հետ խօսիլն է եւ ճանապարհորդութիւնը առիթներ կու տայ, որ անծանօթ մարդոց ճանչնաս ու լսես անոնց պատմութիւնները, տեղեկանաս անոնց կեանքին, անցեալին եւ արմատներուն մասին»:
Եան շնորհաւորեց արցախցիները՝ ԼՂՀ անկախութեան տօնին առթիւ եւ խաղաղութիւն մաղթեց անոնց ու համայն հայ ժողովուրդին յոյս յայտնելով, որ ղարաբաղցիներու դէմքերուն ուրուագծուած ժպիտը յաւերժօրէն ուղեկից կ'ըլլայ իրենց: