Թուրքիա- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Թրքական իշխանութիւնները անցեալ շաբաթ իրենց մօտ կանչած են Անգարայի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Արտմընը, գերմանական ցանցի մը կողմէ Էրտողանը ծաղրող հեռարձակուած եթերի պատճառով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ պատկան մարմինները Գերմանիոյ դեսպանին յայտնած են իրենց դժգոհութիւնը հեռարձակուած երգի կապակցութեամբ, եւ պահանջած են դադրեցնել զայն:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ գերմանական տեղական հեռուստաալիքի հեռարձակած «Էքսթրա 3» ծրագրի մէջ ցուցադրուած երգը կ'անդրադառնայ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ ազատ լրատուամիջոցներու դէմ կիրառուող սահմանափակումներուն, ինչպէս նաեւ կը քննադատէ Էրտողանի կողմէ Անգարայի մօտ շքեղ պալատ մը կառուցելու համար հսկայական գումարներու մսխումը: Երգի բառերուն մէջ կ'ըսուի՝ «կ'ապրի շքեղութեան մէջ, այս Վոսփորի ամբարտաւանը, եւ եթէ լրագրող մը Էրտողանի հաւանութեան չարժանացած տող մը գրէ, յաջորդ օր կը յայտնուի բանտի մէջ»: