23 Ապրիլին, ժամը 11։00-ի դրութեամբ Երեւանի հիւանդանոցներուն մէջ կը բուժուին հանրահաւաքներու ընթացքին տուժած 4 քաղաքացի։
Այս մասին կը տեղեկացնեն Առողջապահութեան նախարարութենէն:
Անոնցմէ մէկը բուժում կը ստանայ «Հերացի» թիւ 1 հիւանդանոցային համալիրի մէջ, մէկը՝ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եւ երկուքը՝ «Էրեբունի» բժշկական կեդրոններուն մէջ։
Բոլոր տուժածներն անցած են անհրաժեշտ հետազօտութիւններ եւ ստացած են համապատասխան բուժում։ Անոնց առողջական վիճակը բժիշկները գնահատած են բաւարար: