image

Երեք Բրիտանացիներ Ձերբակալուած են՝ Յունաստանէն Թուրքիա Զէնք Ներածելու Փորձի Համար

Երեք Բրիտանացիներ Ձերբակալուած են՝ Յունաստանէն Թուրքիա Զէնք Ներածելու Փորձի Համար

Յունաստան- («Տայլի Սապահ»-Պոլիս)- Յունական ոստիկանութիւնը կիրակի օր յայտարարած է, որ Յունաստանի իշխանութիւնները ձերբակալած են Բրիտանիոյ երեք քաղաքացիներ, որոնք կը փորձէին մաքսանենգութեամբ զէնք ներածել Թուրքիա: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Սապահ», նշելով, որ ձերբակալեալները, որոնք քիւրտ-իրաքեան ծագում ունին, ձերբակալուած են շաբաթ երեկոյեան, հիւսիսարեւելեան Յունաստանի Քիփոյի գիւղի մօտ գտնուող սահմանային անցքի մօտ: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ոստիկանութիւնը  յայտնաբերած է 18 հրացաններ եւ տասնեակ հազարաւոր փամփուշտներ, որոնք պահուած եղած են իրենց ինքնաշարժին եւ յետակառքին մէջ: Կասկածեալներէն մէկուն մօտ յայտնաբերուած է մօտ  1,100 ԱՄՆ տոլար, թրքական լիրա եւ իրաքեան տինար, իսկ միւսի մօտ եղած է 900 եուրո (1000 տոլար) եւ հինգ բջջային հեռախօս: Ոստիկանութիւնը նաեւ նշած է, որ զէնքերը բերուած եղած են Գերմանիայէն՝ վաճառելու նպատակով: 

«Սապահ» կը նշէ, թէ հակառակ անոր, որ  ձերբակալեալները կը պատկանին խուլիգանական խմբաւորման, սակայն  ոչ մէկ փաստ կայ անոնց ահաբեկչական խմբաւորման հետ կապ ունենալուն: Անոնց հասցէին նախապէս Եւրոպայի մէջջ ձերբակալման հրամանագիր չէ եղած: Անոնցմէ միայն մէկի հասցէին կասկածանք կայ՝  ոճրագրործական կազմակերպութեան  անդամակցութեան մէջ: