image

Էրէբունիի հարցը դէպի հանգուցալուծու՞մ. Երկու ոստիկաններ ազատ պիտի արձակուին

Էրէբունիի հարցը դէպի հանգուցալուծու՞մ. Երկու ոստիկաններ ազատ պիտի արձակուին

Ըստ   Վարուժան  Աւետիսեանին  Էրէբունիի ոստիկանութեան կեդրոնին մէջ  եղող երկու ոստիկանները ազատ  կ'արձակուին: «Սասնայ ծռեր»խումբի անունով հանդէս եկող Աւետիսեան  նաեւ ըսած է, որ երէկ  հանդիպում  եղած է  ԱԱԾ տնօրէն ՝   Գ. Կուտոյեանին հետ եւ  հանդիպումը կայացուած է  ԼՂՀ  Ազգային Ժողովի անդամ Վիթալի Բալասանեանի միջնորդութեամբ ու հանդիպման արդիւնքով կողմերը յանգած են  որոշ համաձայնութեան:  Կայացած համաձայնութեան  արդիւնքով երկու ոստիկանները ազատ պիտի արձակուին, ու ապա պիտի բացուի  մամուլի կէտ մը, ու  նոյնպէս ազատ պիտի արձակուին մնացեալ  երկու ոստիկանները: Աւետիսեան նաեւ ըսած է, որ մամուլի ներկայացուցիչները  ստեղծուած  կեդրոն պիտի հասնին   շրջանը հսկող ապահովական ուժերու      հովանաւորութեամբ:   Աւետիսեանի  խօսքէն պէտք է հասկնալ, որ այսօր  Էրէբունիի  խնդիրը հանգուցալուծում պիտի գտնէ եւ  պիտի տրուի մամլոյ ասուլիս: Շատ հաւանական է, որ Վիթալի Բալասանեանի  ճիգերով  ըլլալիք այս   հանգուցալուծումը կ'ընդգրկէ նաեւ, որոշ համաձայնութիւններու փաթեթ մը:


 Նիւթը ՝ «ԳԱԼԱ» կայքէն