Թուրքիոյ մէջ, անցնող 25 օրերու ընթացքին 15 ոստիկան անձնասպան եղած է: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ Ahval թերթը, ըսած է Թուրքիոյ ոստիկաններու արհմիութեան նախագահ Ֆարուք Սեզերը:
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ այս տարուան սկիզբէն ի վեր անձնասպան եղած է ոստիկանական ուժերու 40 ծառայող:
Սեզերը նշած է, որ աշխատանքային անկանխատեսելի ու երկար ժամացուցակը մեծ դեր ունի ոստիկաններու անձնասպանութեան դիմելու հարցով, եւ աւելցուցած, որ Թուրքիոյ ոստիկանութեան ուժերը ամսական կ'աշխատին առնուազն 240 ժամ՝ ի տարբերութիւն պետական այլ ծառայողներու, որոնք կ'աշխատին ամիսը 160 ժամ։
Արհմիութեան նախագահը աւելցուցած է, որ ոստիկաններէն ոմանք կ'աշխատին մինչեւ ամսական 400 ժամ, եւ ըսած, որ ոստիկանութեան ուժերը երբեք լաւ կառավարում չեն ունեցած։