image

Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Կրթութեան նախարարութիւն. շէնքը շրջապատուած էր ոստիկաններով

Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Կրթութեան նախարարութիւն. շէնքը շրջապատուած էր ոստիկաններով

 

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այսօր՝ 17 մարտի առաւօտեան ժամանած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի (մարմնամարզութեան) նախարարութիւն: Անոր տեղափոխող մեքենան հասած է մինչեւ շէնքի դռան մօտ, որ կը գտնուի շէնքի ներսի մասը:

Յիշեցնենք, որ այօր առաւօտէն ԿԳՄՍ նախարարութեան շէնքը չորս կողմէն շրջապատուած էր ոստիկաններով. երկու կողմէն փակուած էր Վազգէն Սարգսեանի փողոցը:

Բանն այն է, որ երէկ դաշնակցական երիտասարդները յայտարարած էին, թէ մտադիր են փակել Նիկոլ Փշինեանի ճանապարհը:

Սակայն այսօր արշաւի վայր ժամանած էին ընդամէնը երեք դաշնակցական երիտասարդներ: Անոնցմէ Քրիսթինէ Վարդանեանն ըսած է, որ իրենց արշաւի իմաստը իշխանութեան վախը ցոյց տալն էր, իրենք ոչ մէկ արշաւ պիտի իրականացնէին: