Ըստ Վարուժան Աւետիսեանին Էրէբունիի ոստիկանութեան կեդրոնին մէջ եղող երկու ոստիկանները ազատ կ'արձակուին: «Սասնայ ծռեր»խումբի անունով հանդէս եկող Աւետիսեան նաեւ ըսած է, որ երէկ հանդիպում եղած է ԱԱԾ տնօրէն ՝ Գ. Կուտոյեանին հետ եւ հանդիպումը կայացուած է ԼՂՀ Ազգային Ժողովի անդամ Վիթալի Բալասանեանի միջնորդութեամբ ու հանդիպման արդիւնքով կողմերը յանգած են որոշ համաձայնութեան: Կայացած համաձայնութեան արդիւնքով երկու ոստիկանները ազատ պիտի արձակուին, ու ապա պիտի բացուի մամուլի կէտ մը, ու նոյնպէս ազատ պիտի արձակուին մնացեալ երկու ոստիկանները: Աւետիսեան նաեւ ըսած է, որ մամուլի ներկայացուցիչները ստեղծուած կեդրոն պիտի հասնին շրջանը հսկող ապահովական ուժերու հովանաւորութեամբ: Աւետիսեանի խօսքէն պէտք է հասկնալ, որ այսօր Էրէբունիի խնդիրը հանգուցալուծում պիտի գտնէ եւ պիտի տրուի մամլոյ ասուլիս: Շատ հաւանական է, որ Վիթալի Բալասանեանի ճիգերով ըլլալիք այս հանգուցալուծումը կ'ընդգրկէ նաեւ, որոշ համաձայնութիւններու փաթեթ մը:
Նիւթը ՝ «ԳԱԼԱ» կայքէն