image

Հայ գերիները ազատ պէտք է արձակուին. Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան

Հայ գերիները ազատ պէտք է արձակուին. Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան

 

Բոլոր գերիները պէտք է ազատ արձակուին: Այս մասին այսօր՝ 17 մարտին, մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը՝ պատասխանելով Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ ձերբակալուածներու մասին հարցին:

«Իմ մօտեցումը պարզ է. բոլոր գերիները պէտք է ազատ արձակուին: Այդ կը վերաբերի ոչ միայն մինչեւ 2020 թուականի 9 նոյեմբերի յայտարարութիւնը գերի ինկածներուն, այլ նաեւ բոլոր գերիներուն՝ համապատասխան միջազգային մարդասիրական իրաւունքին եւ Ժընեւի համաձայնագրերուն»,-ըսած է դեսպանը:

Դիւանագէտը նաեւ յիշեցուցած է, որ ԵԱՀԿ ՄԽ-ն միակ միջազգայնօրէն ճանչցուած ձեւաչափն է, որու շրջածիրէն ներս կ'իրականացուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղիներու որոնումը դիւանագիտական ճանապարհով: