image

Դաւիթ Բաբայեան կը հակազդէ Ալիեւի անհիմն խօսքերուն

Դաւիթ Բաբայեան կը հակազդէ Ալիեւի անհիմն խօսքերուն

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնները, թէ իրենք պատրաստ են Լեռնային Ղարաբաղին ինքնավարութեան կարգավիճակ տալու, հերթական անգամ կը ցուցադրեն, թէ Պաքուն որքան անպատրաստ է համապարփակ եւ երկարաժամկէտ կարգաւորման: Այս մասին NEWS.am–ի հետ զրոյցին ըսած է ԼՂՀ նախագահի մամլոյ  խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան` մեկնաբանելով «Ռուսիան այսօր» գործակալութեան Ալիեւի տուած հարցազրոյցը, ուր ան յայտարարած էր, թէ պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղին «ինքնավարութեան կարգավիճակ շնորհել»:

«Կարելի է ասել, որ «առաջընթաց» կայ: Եթէ Ալիեւն առաջ խօսքով եւ  գործով գործադրում էր բոլոր ջանքերը, որպէսզի ոչնչացնի Լեռնային Ղարաբաղը, ապա հիմա նա արդէն խօսում է ինքնավարութիւնից: Եթէ նման դինամիկան շարունակուի, ապա մի քանի ամսից Ալիեւը կարող է ճանաչել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Դա ամենաընդունուած քայլը կը լինէր»,– ըսած է Բաբայեան` աւելցնելով, որ Ալիեւի այս յայտարարութիւնը ապակառուցողական բնոյթ կը կրէ եւ միայն ծիծաղ ու խղճահարութիւն կ՛առաջացնէ:

Նշենք, որ Ալիեւ «Russia Today»ին տուած հարցազրոյցին յայտարարած էր, թէ՝ «Խելամիտ փոխզիջումը հնարաւոր է. Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան, անոնց կենսագործունէութեան, ինքնավարութեան ապահովում, Ազրպէյճանի կողմէ տարբեր ներդրումային նախագիծերու իրականացում: Եւ երկու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ փոխգործակցութիւն` Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար շրջանի սահմաններէն դուրս տարածքներու ազատագրման պայմանով. ահա մենք այսպէս կը տեսնենք հակամարտութեան կարգաւորումը»,- ըսած է ան: Ի դէպ` ան նշած է, որ «Ազրպէյճան երբեք չի համաձայնիր Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան տրամադրման», կը փոխանցէ ria.ru-ն:

«Բայց կրնայ ըլլալ փոխզիջում տեղական ինքնավարութեան, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավարութեան հարցերու շուրջ, ապագային, եթէ մենք պայմանաւորուինք, անիկա կրնայ ըլլալ ինքնավար հանրապետութիւն»,- աւելցուցած է Ազրպէյճանի նախագահը: