Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնները, թէ իրենք պատրաստ են Լեռնային Ղարաբաղին ինքնավարութեան կարգավիճակ տալու, հերթական անգամ կը ցուցադրեն, թէ Պաքուն որքան անպատրաստ է համապարփակ եւ երկարաժամկէտ կարգաւորման: Այս մասին NEWS.am–ի հետ զրոյցին ըսած է ԼՂՀ նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան` մեկնաբանելով «Ռուսիան այսօր» գործակալութեան Ալիեւի տուած հարցազրոյցը, ուր ան յայտարարած էր, թէ պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղին «ինքնավարութեան կարգավիճակ շնորհել»:
«Կարելի է ասել, որ «առաջընթաց» կայ: Եթէ Ալիեւն առաջ խօսքով եւ գործով գործադրում էր բոլոր ջանքերը, որպէսզի ոչնչացնի Լեռնային Ղարաբաղը, ապա հիմա նա արդէն խօսում է ինքնավարութիւնից: Եթէ նման դինամիկան շարունակուի, ապա մի քանի ամսից Ալիեւը կարող է ճանաչել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Դա ամենաընդունուած քայլը կը լինէր»,– ըսած է Բաբայեան` աւելցնելով, որ Ալիեւի այս յայտարարութիւնը ապակառուցողական բնոյթ կը կրէ եւ միայն ծիծաղ ու խղճահարութիւն կ՛առաջացնէ:
Նշենք, որ Ալիեւ «Russia Today»ին տուած հարցազրոյցին յայտարարած էր, թէ՝ «Խելամիտ փոխզիջումը հնարաւոր է. Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան, անոնց կենսագործունէութեան, ինքնավարութեան ապահովում, Ազրպէյճանի կողմէ տարբեր ներդրումային նախագիծերու իրականացում: Եւ երկու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ փոխգործակցութիւն` Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար շրջանի սահմաններէն դուրս տարածքներու ազատագրման պայմանով. ահա մենք այսպէս կը տեսնենք հակամարտութեան կարգաւորումը»,- ըսած է ան: Ի դէպ` ան նշած է, որ «Ազրպէյճան երբեք չի համաձայնիր Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան տրամադրման», կը փոխանցէ ria.ru-ն:
«Բայց կրնայ ըլլալ փոխզիջում տեղական ինքնավարութեան, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավարութեան հարցերու շուրջ, ապագային, եթէ մենք պայմանաւորուինք, անիկա կրնայ ըլլալ ինքնավար հանրապետութիւն»,- աւելցուցած է Ազրպէյճանի նախագահը: