image

Չպէտք է թողնենք, որ Էրտողան պատմութիւնը վերաշարադրէ. Քոնկրէսական Ճիմ Քոսթա

Չպէտք է թողնենք, որ Էրտողան պատմութիւնը վերաշարադրէ. Քոնկրէսական Ճիմ Քոսթա

ԱՄՆ Քոնկրէսի անդամ Ճիմ Քոսթան դատապարտած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի յայտարարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան կապակցութեամբ:

Ըստ անոր, Էրտողանի յայտարարութիւնը կեղծ է: «Մենք չպէտք է Թուրքիոյ մենատէր նախագահին, որ կը խախտէ մարդու իրաւունքները, կրօնի եւ մամուլի ազատութիւնը, թոյլ տանք վերաշարադրել  պատմութիւնը», - Twitter-ի իր էջին գրած է Քոսթան:

Նշենք, որ ապրիլ 24-ին իր յայտարարութեան մէջ Էրտողանը «հայկական հրոսակախումբերու տեղափոխութիւնը» խելամիտ արարք անուանած էր: