image
Հրատապ լուրեր:

Բողոքի ցոյց Երեւանի մէջ. Կը պահանջեն Սամուէլ Բաբայեանի ազատ արձակումը

Բողոքի  ցոյց  Երեւանի  մէջ. Կը պահանջեն Սամուէլ Բաբայեանի ազատ արձակումը

Վճռաբեկ դատարանի մօտ բողոքի ցոյց իրականացուցած են Արցախի հերոս, «Իգլա»-ի եւ փողերու լուացման գործով 6 տարի ազատազրկման դատապարտուած Սամուէլ Բաբայեանի աջակիցները:

Վճռաբեկ դատարան Սամուէլ Բաբայեանի խափանման միջոց կալանաւորումը փոխելու վերաբերեալ բողոք ներկայացուած է, որ վարոյթ ընդունուած է մայիսի 25-ին, սակայն նիստի օրը դեռ յայտնի չէ: Ցուցարարները պահանջած են անյապաղ նիստ նշանակել եւ ազատ արձակել Սամուէլ Բաբայեանը:

Նշենք, որ ՀՀ ԱԺ երկու պատգամաւորի երաշխաւորմամբ՝ խափանման միջոց կալանաւորումը փոխելու միջնորդութիւն ներկայացուած է Վճռաբեկ դատարան:

Բացի այդ, Սամուէլ Բաբայեանի պաշտպան Աւետիս Քալաշեանը վճռաբեկ բողոք ներկայացուցած է՝ Սամուէլ Բաբայեանին արդարացնելու պահանջով:

 

Վճռաբեկ դատարանի մօտ բողոքի ակցիան ուղղուած չէ ՀՀ նոր իշխանութեան դեմ, սա քայլ է նոր իշխանութեան օգնելու համար՝ յայտարարած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէնի նախկին տեղակալ Գուրգէն Եղիազարեանը:


Սամուէլ Բաբայեանի մէկ այլ աջակից՝ Երուանդ Բոզոյեանն ալ ըսած է, որ դատական համակարգը պէտք է փոխուի։

 

Սփիւռքի եւ Արցախի մէջ սկսած են ստորագրահաւաքներ՝ ի պաշտպանութիւն Սամուէլ Բաբայեանի, Ժիրայր Սեֆիլեանի եւ միւսներու։ 

 

Վճռաբեկ դատարանի մօտ բողոքի ակցիան աւարտած է եւ պայմանաւորուածութիւն կատարուած է, թէ յաջորդ ցոյցը տեղի կ'ունենայ 15 յունիսին, երբ պիտի քննուի Սամուէլ Բաբայեանի խափանման միջոց կալանաւորումը փոխելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը։