image
Հրատապ լուրեր:

Իրան սպառնացած է ոչնչացնել տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ բոլոր ենթակառուցուածքները

Իրան սպառնացած է ոչնչացնել տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ բոլոր ենթակառուցուածքները

 

Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ եթէ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Իրանի ենթակառուցուածքները հարուածելու սպառնալիքները գործադրուին, Իրանի զինուած ուժերը հարուածներ պիտի հասցնէ տարածաշրջանի մէջ գտնուող ամերիկեան թիրախներուն։

«Եթէ ԱՄՆ նախագահի կողմէ վերջերս հնչեցուած սպառնալիքները, որոնք կը վերաբերին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ենթակառոյցները հարուածելուն, գործադրուին այդ երկրի բանակի կողմէ, ապա այն ամէնը, ինչ մինչեւ հիմա անձեռնմխելի մնացած է Իրանի զսպուածութեան շնորհիւ, այսինքն՝ տարածաշրջանի ամբողջ ենթակառուցուածքը, պիտի ոչնչանայ Իրանի զինուած ուժերու յուժկու հարուածներով՝ այնպէս, որ անկէ հետք իսկ չմնայ»,– նշուած է բանակի մամլոյ ծառայութեան յայտարարութեան մէջ, որուն բովանդակութիւնը հրապարակած է իրանական Fars գործակալութիւնը։

Բանակէն նաեւ յայտնած են, որ Հորմուզի նեղուցը Իրանի համար կարմիր գիծ է, եւ երկիրը պիտի չարտօնէ Միացեալ Նահանգներու միջամտութիւնը անոր կառավարման գործին։