Հայաստանի կառավարութիւնը յուլիս 16-ի նիստին հաստատեց «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (ԹՐԻՓՓ) նախագիծի վերաբերեալ ռազմավարական համագործակցութեան մասին շրջանակային համաձայնագիրը՝ մեկնարկելով ատոր վաւերացման գործընթացը։
Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի խօսքով՝ յաջորդ փուլին փաստաթուղթը պիտի ուղարկուի Սահմանադրական դատարան՝ սահմանադրականութեան վերաբերեալ եզրակացութիւն ստանալու համար։ Եթէ ՍԴ-ն արձանագրէ, որ համաձայնագիրը չի հակասեր Սահմանադրութեան, այն պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովի վաւերացման։
Կառավարութեան նիստին քննարկուած է նաեւ ԹՐԻՓՓ+ հիմնադրամի հարցը, որ պիտի ղեկավարէ Կոնսթանթին Սոքոլովը ․ «ԹՐԻՓՓ+ կոչուող ղեկավարը՝ նշանակուած մարդն է, այն վերաբերում է ԹՐԻՓՓ+ ներդրումային ընկերութեանը, սա Հայաստանի տարածքում գործելիք ու հիմնադրուելիք ԹՐԻՓՓ ընկերութեան հետ շատ անուղղակի կապ ունի»,- ամփոփած է Միրզոյեանը։
Միրզոյեանի խօսքով՝ Հայաստանի մէջ ԹՐԻՓՓ-ի հիմնադրման գործընթացն աւարտելու համար դեռ պէտք է համաձայնեցուին եւս երկու փաստաթուղթ՝ բաժնետէրերու միջեւ համաձայնագիրը եւ ընկերութեան կանոնադրութիւնը, որոնց շուրջ աշխատանքները կը շարունակուին։
Ան ընդգծած է, որ ամբողջ գործընթացը պիտի իրականացուի Հայաստանի ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգմամբ։
Նախարարի ներկայացմամբ՝ ԹՐԻՓՓ ընկերութիւնը Հայաստանի տարբեր գօտիներու մէջ պիտի կարենայ հիմնել դուստր ընկերութիւններ եւ ձեռք բերել կառուցապատման իրաւունք՝ նախնական 49 տարի ժամկէտով։ Ընկերութեան բաժնետոմսերու 74 տոկոսը պիտի պատկանի ամերիկեան կողմին, իսկ 26 տոկոսը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան։
Միրզոյեանի խօսքով՝ 49-ամեայ ժամկէտի աւարտէն ետք հնարաւոր պիտի ըլլայ այն երկարաձգել եւս 50 տարիով, որու արդիւնքով Հայաստանի բաժնեմասը կրնայ աւելնալ՝ հասնելով մինչեւ 49 տոկոսի։