image

BBC -ն Հրապարակած է իր հօրը փնտռող հայուհիին պատմութիւնը

BBC -ն Հրապարակած է իր հօրը փնտռող հայուհիին պատմութիւնը

Magnum միջազգային ֆոթոգործակալութեան լուսանկարիչ Տիանա Մարկոսեանը Հայաստան եկած է՝ հօրը գտնելու, որուն 20 տարիէն աւելի է, որ չէ տեսած, կը փոխանցէ BBC-ն:

Հայուհին 7 տարեկանին ստիպուած էր հօրը լքել եւ մօր հետ մեկնիլ Քալիֆորնիա: Տիանան BBC-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է իր մանկական յիշողութիւններու մասին:

Անոր խօսքով՝ հայրը ամիսներով տունը չէր ըլլար, իսկ 1996 թուականին ինքը մօր հետ հաւաքած է իրերը եւ մեկնած Քալիֆորնիա, առանց հօրը հրաժեշտ տալու: Տիանայի խօսքով՝ երբ դեռ Մոսկուա կ'ապրէին, մայրը Լոս Անճելըսի թերթին գրած էր, որ կը ցանկայ Ամերիկան տեսնել:



«Օր մը առաւօտեան մայրս ինձ արթնացուց եւ ըսաւ. «Մենք ճանապարհորդութեան պիտի մեկնինք»: Ես կը յիշեմ անվերջանալիօրէն երկար այդ թռիչքը, եւ ինչպէս մեր օդանաւը, վերջապէս, վայրէջք կատարեց Քալիֆորնիա, ուր մեզ դիմաւորեց երիտասարդ մը… Ես այդ ժամանակ չէի մտածեր, որ հօրս այլեւս պիտի չտեսնեմ»,- ըսած է Տիանան:

 


Մարկոսեանը պատմած է Հայաստանի իր ճանապարհորդութեան մասին, երբ 2013 թուականին եկած է եղբօր հետ, որ գտնէ հօրը եւ իր մանկութեան ֆոթոպատմութիւնը ստեղծէ: Հայաստանի մէջ ան գտած է նամակներով ճամպրուկ, որոնք անոր մեծհայրը ուղարկած էր Ամերիկա, որպէսզի գտնէ «կորսուած թոռնիկները» (նամակները հասած էին մինչեւ Մոսկուա եւ Երեւան վերադարձած):

 


«Երբ կեանքը քեզ կը զրկէ ծնողներէդ մէկէն, դուն ամէն ինչ կ'ընես, որ այդ ուղղես»,- ըսած է Տիանան: