image

Ազրպէյճան կը շարունակէ կրակել հայ դիրքերու ուղղութեամբ. արձանագրուած է 150 կրակոց

Ազրպէյճան կը շարունակէ կրակել հայ դիրքերու ուղղութեամբ. արձանագրուած է 150 կրակոց

Անցեալ գիշեր ղարաբաղեան սահմանին վրայ հակառակորդը հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 20 անգամ՝ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 150 կրակոց: Այս մասին կը հաղորդէ ԼՂՀ ՊԲ մամլոյ ծառայութիւնը:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն մարտավարական իրադրութեան եւ կը շարունակեն վստահօրէն մարտական հերթապահութիւն իրականացնել: