«Հրապարակ» թերթը կը գրէ. «25 Ապրիլին պատգամաւորները «Քորոնա» ժահրի քննութիւն պիտի յանձնեն։ ԱԺ-ի մէջ խուճապ էր՝ լուր տարածուած էր, որ վարակման դէպք է գրանցուած է, սակայն ԱԺ նախագահի խորհրդական Վահան Կոստանեանը հերքեց այդ լուրը։ Տեղեկութիւն ստացած էինք նաեւ, որ ԲՀԿ-էն դուրս եկած պատգամաւոր Տիգրան Ուրիխանեանի մօտ «Քորոնա» ժահր յայտնաբերուած է։
Ան ըսաւ․ «Ես հիմա թոքաբորբ կը տանիմ, մօտ 2 շաբաթ առաջ քննուած եմ, յետոյ երկրորդ անգամ հետազօտուած եմ, օրերս ալ՝ երրորդ։ Պատասխանները, մեղմ ըսած, չեն համապատասխաներ այն ախտանիշներուն, որոնք արձանագրած են բժիշկները»։ Արդիւնքները, ըստ պատգամաւորի, բացասական են»: