image

Նարեկ Կարապետեան. «Նախաքննական սահմանափակումներ կան, սակայն ոչինչ չեն տարել»

Նարեկ Կարապետեան. «Նախաքննական սահմանափակումներ կան, սակայն ոչինչ չեն տարել»

Առաւօտեան ուժային կառոյցներու աշխատակիցները մուտք գործած էին Նարեկ Կարապետեանի առանձնատուն եւ խուզարկութիւն իրականացուցած։

Քննչական կոմիտէն յայտնած է, որ քննչական գործողութիւնները կը կատարուին Ալիկ Ալեքսանեանին առնչուող քրէական վարոյթի շրջանակին մէջ։«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան խորհուրդի անդամ Նարեկ Կարապետեան, իր առանձնատան մէջ կատարուած խուզարկութենէն ետք, յայտնած է, որ նախաքննական գործընթացին պատճառով որոշ սահմանափակումներ կան, սակայն կրնայ վստահեցնել, թէ իր տունէն ոչինչ տարած են։

Լրագրողներու հարցումին, թէ հնարաւո՞ր է, որ Օգոստոս 2-ին դատախազը նաեւ իր նկատմամբ քայլերու ձեռնարկէ, Կարապետեան պատասխանած է. «Չգիտեմ, կարող  է գալ, կարող  է  չգալ, ինչպէս իրենք ուզում են։

Անդրադառնալով տեղի ունեցող գործընթացներուն՝ ան գնահատած է, որ անոնք քաղաքական բնոյթ ունին։

«Փաստօրէն քաղաքական գործունէութիւն իրականացնող մարդիկ  զրկւում են քաղաքականութեամբ զբաղելու հնարաւորութիւնից։Այս ամբողջ պատմութեան միակ պատճառը քաղաքական գործունէութիւնն է, այլ  պատճառ չկայ»,– ըսած է Կարապետեան։

Յիշեցնենք, որ առաւօտեան ուժային կառոյցներու աշխատակիցները մուտք գործած էին Նարեկ Կարապետեանի առանձնատուն եւ խուզարկութիւն իրականացուցած։

Քննչական կոմիտէն յայտնած է, որ քննչական գործողութիւնները կը կատարուին Ալիկ Ալեքսանեանին առնչուող քրէական վարոյթի շրջանակին մէջ։