image

Վարդգէս Մահտեսեան․ նուիրումի եւ Հայաստանամէտ ծառայութեան արժանի գնահատանքը

Վարդգէս Մահտեսեան․ նուիրումի եւ Հայաստանամէտ ծառայութեան արժանի գնահատանքը

Յատկապէս այն օրերուն, երբ հայկական կեանքը բախեցաւ լուրջ փորձութիւններու եւ պառակտող երեւոյթներու, Տիար Վարդգէս Մահտեսեան մնաց անսասան իր համոզումներուն մէջ՝ «Հայաստանը ամէն բանէ վեր» սկզբունքը վերածելով ոչ թէ պարզ կարգախօսի, այլ ամէնօրեայ աշխատանքի եւ ծառայութեան։ Այդ կեցուածքով ան օրինակ դարձաւ շատերուն՝ ապացուցելով, որ որքան ալ ուժգին ըլլան ազգին դէմ ծառացած ալիքները, կարելի է ժայռի նման հաստատ մնալ, դիմանալ բոլոր հարուածներուն եւ շարունակել ծառայել հայրենիքին ու ազգին։

 

«Արեւելք» բազմիցս առիթ ունեցած է անդրադառնալու Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ հայկական համայնքի պետական ներկայացուցիչ Տիար Վարդգէս Մահտեսեանի գործունէութեան՝ արժեւորելով անոր հետեւողական աշխատանքը, ազգային կեցուածքն ու հայրենանուէր ծառայութիւնը։ Հայաստանի Հանրապետութեան «Երախտագիտութեան» մետալով անոր պարգեւատրումը եւս մէկ առիթ է ընդգծելու այն ուղին, որուն ան հաւատարիմ մնացած է երկար տարիներ։

Մեր համոզումով՝ Հայաստանի սահմաններէն դուրս ապրող իւրաքանչիւր հայ գործիչ, ըլլայ պետական, համայնքային թէ այլ բնագաւառի մէջ ծառայող, իր խօսքով ու գործով պէտք է արտայայտէ Հայաստանամէտ կեցուածք։ Վարդգէս Մահտեսեան այդ սկզբունքին հաւատարիմ մնացած է ոչ միայն մօտիկ անցեալին, այլ նաեւ այսօր՝ նոյն նուիրումով, պատասխանատուութեամբ եւ ազգային գիտակցութեամբ շարունակելով իր առաքելութիւնը։

Ան իր ամբողջ գործունէութիւնը սահմանափակած չէ միայն կիպրահայ համայնքի խնդիրներու լուծմամբ։ Իր հնարաւոր բոլոր միջոցներով աջակցած է նաեւ Հայաստանին ու հայրենիքին առնչուող նախաձեռնութիւններուն՝ ծառայելով մեր ժողովուրդի շահերուն։ Այս իրողութիւնը դժուար է անտեսել կամ չգնահատել։

Յատկապէս այն օրերուն, երբ հայկական կեանքը բախեցաւ լուրջ փորձութիւններու եւ պառակտող երեւոյթներու, Տիար Վարդգէս Մահտեսեան մնաց անսասան իր համոզումներուն մէջ՝ «Հայաստանը ամէն բանէ վեր» սկզբունքը վերածելով ոչ թէ պարզ կարգախօսի, այլ ամէնօրեայ աշխատանքի եւ ծառայութեան։ Այդ կեցուածքով ան օրինակ դարձաւ շատերուն՝ ապացուցելով, որ որքան ալ ուժգին ըլլան ազգին դէմ ծառացած ալիքները, կարելի է ժայռի նման հաստատ մնալ, դիմանալ բոլոր հարուածներուն եւ շարունակել ծառայել հայրենիքին ու ազգին։

Ուստի արժանի է շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանի Հանրապետութեան պատկան մարմիններուն, որոնք պատշաճ կերպով գնահատեցին Վարդգէս Մահտեսեանի երկարամեայ եւ նուիրեալ ծառայութիւնը՝ զինք պարգեւատրելով Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւով՝ «Երախտագիտութեան» մետալով։

 

Այս պարգեւը, սակայն, միայն Վարդգէս Մահտեսեանի անձին ուղղուած գնահատանք չէ։ Ան նաեւ գնահատանքի արտայայտութիւն է այն բոլոր ազգային արժէքներուն, որոնց ան հաւատարիմ մնացած է իր ամբողջ հանրային կեանքին ընթացքին, եւ այն ծառայութեան, որ զինք դարձուցած է յարգուած ու գնահատուած անուն՝ թէ՛ Կիպրոսի հայ համայնքին, թէ՛ Հայաստանի եւ ամբողջ հայութեան համար։