Ծառուկեան ընդգծած է, որ իր քաղաքական ուժը պիտի շարունակէ պաշտպանել այն մօտեցումը, ըստ որուն Հայաստանը պէտք է խուսափի մեծ ուժերու բախումներուն մէջ ներքաշուելէ եւ բոլոր հնարաւոր միջոցներով հեռու մնայ աշխարհաքաղաքական ցնցումներէն։
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան Կեդրոն ՔԿՀ-էն յղած ուղերձով յայտարարած է, որ նոր կազմաւորուած Ազգային ժողովին մէջ պիտի զգացուի ԲՀԿ-ի եւ իր ներկայացուցած «Առաջարկ Հայաստանին» ծրագրին բացակայութիւնը։
Ան նշած է, որ Հայաստանի առջեւ կանգնած են լուրջ աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական վտանգներ, որոնք կրնան մօտ ամիսներուն երկիրը դնել բարդ կացութեան առջեւ։ Ըստ Ծառուկեանի՝ ռուս-ուքրանական պատերազմը, Իրան-ԱՄՆ լարուածութիւնը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի պահանջներն ու Թուրքիոյ ճնշումները կը մեծցնեն այդ վտանգները։
Ծառուկեան մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ Հայաստանի առջեւ դրուած՝ Եւրոպական Միութեան եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ ընտրութեան հարցին կապակցութեամբ՝ շեշտելով, որ երկիրը պէտք չէ ներքաշուի նման կոշտ աշխարհաքաղաքական բեւեռացման մէջ։
Ան ընդգծած է, որ իր քաղաքական ուժը պիտի շարունակէ պաշտպանել այն մօտեցումը, ըստ որուն Հայաստանը պէտք է խուսափի մեծ ուժերու բախումներուն մէջ ներքաշուելէ եւ բոլոր հնարաւոր միջոցներով հեռու մնայ աշխարհաքաղաքական ցնցումներէն։