image

El Confidencial. Մինչեւ 40,000 մարդ կրնար ապօրինի կերպով Մարոքքոյէն մուտք գործած ըլլալ Սպանիա

  Ստեղծուած բարդ իրավիճակին պատճառով Սպանիոյ իշխանութիւնները որոշած են զինուորական ուժեր ներգրաւել՝ քաղաքին մէջ անվտանգութեան ապահովման աշխատանքներուն աջակցելու համար։

Սեութան՝ Սպանիոյ ինքնավար քաղաք մը Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, կը գտնուի Մարոքի սահմանին  եւ երկար տարիներէ ի վեր կը հանդիսանայ Եւրոպա հասնելու փորձ կատարող ապօրինի գաղթականներու հիմնական անցակէտերէն մէկը։

Մարոքէն մինչեւ 40 հազար անձ կրնար ապօրինի կերպով ներթափանցել Սպանիոյ Սեութա ինքնավար քաղաքը։ Այս մասին կը հաղորդէ «El Confidencial» թերթը՝ յղում կատարելով Սպանիոյ քաղաքացիական պահակախումբի գնահատականներուն։

Ըստ հրապարակման՝ գաղթականներ շարունակած են ժամանել Սեութա նաեւ գիշերային ժամերուն։

Նշուած է նաեւ, որ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին Մարոքէն աւելի քան 1500 գաղթական լողալով հասած է Սեութա, որուն հետեւանքով առնուազն 18 մարդ զոհուած է։

Սպանիոյ կառավարութեան նախագահ Բետրօ Սանչէսը այսօր պիտի այցելէ Սեութա՝ ներքին գործոց նախարար Ֆեռնանտօ Գրանդէ-Մարլասքայի ընկերակցութեամբ։