image

ԱԺ Պատգամաւորը երեք անգամ հետազօտուած է. Տիգրան Ուլիխանեանը թոքաբորբէ կը տառապի

ԱԺ Պատգամաւորը երեք անգամ հետազօտուած է. Տիգրան Ուլիխանեանը թոքաբորբէ կը տառապի

«Հրապարակ» թերթը կը գրէ. «25 Ապրիլին պատգամաւորները «Քորոնա» ժահրի քննութիւն պիտի յանձնեն։ ԱԺ-ի մէջ խուճապ էր՝ լուր տարածուած էր, որ վարակման դէպք է գրանցուած է, սակայն ԱԺ նախագահի խորհրդական Վահան Կոստանեանը հերքեց այդ լուրը։ Տեղեկութիւն ստացած էինք նաեւ, որ ԲՀԿ-էն դուրս եկած պատգամաւոր Տիգրան Ուրիխանեանի մօտ «Քորոնա» ժահր յայտնաբերուած է։

Ան ըսաւ․ «Ես հիմա թոքաբորբ կը տանիմ, մօտ 2 շաբաթ առաջ քննուած եմ, յետոյ երկրորդ անգամ հետազօտուած եմ, օրերս ալ՝ երրորդ։ Պատասխանները, մեղմ ըսած, չեն համապատասխաներ այն ախտանիշներուն, որոնք արձանագրած են բժիշկները»։ Արդիւնքները, ըստ պատգամաւորի, բացասական են»: