«Արեւելք»-ը վերահասու դարձաւ Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթէն, թէ կեանքէն հեռացած է պոլսահայ համայնքի երէց սերունդի յարգուած անդամուհիներէն՝ Տիկ. Մաթիլտ Մոսկոֆեանը։ Ան իր կեանքին ընթացքին սիրոյ, գուրգուրանքի եւ նուիրումի օրինակ եղած է իր ընտանիքին ու շրջապատին մէջ՝ վայելելով համատարած յարգանք եւ համակրանք։
Ստորեւ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին հրապարակած մահագրականը.
Խոր ցաւով կը գուժենք մահը մեր համայնքի երէց սերունդի՝ համատարած յարգանքի եւ համակրանքի արժանացած տիրական դէմքերէն՝ Տիկին Մաթիլտ Մոսկոֆեանի։
Հանգուցեալը թէեւ բաւական յառաջացած տարիքի մէջ հրաժեշտ առած է երկրաւոր կեանքէ, սակայն իր մեկնումը մեծ ցաւ պատճառած է թէ՛ ընտանիքին եւ թէ բարեկամական շրջանակին, մանաւանդ որ ան առողջական հիմնական խնդիրէ մը չէր տառապեր։
Հանգուցեալը տասնամեակներ շարունակ իր մայրական սէրն ու գուրգուրանքը անխտիր տարածած էր ընտանիքի բոլոր անդամներուն վրայ։ Դժբախտաբար, Նախախնամական տնօրինութիւնը վրայ հասած է, եւ իր սիրելիները զրկուած են իրմէ։
Հարկ է նշել, որ հանգուցեալը մայրն է մեր սիրելի բարեկամ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանին։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք հանգուցեալի հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք Հրանդ-Այսէլ Մոսկոֆեան ամոլին եւ հանգուցեալի համայն ընտանիքին։