Կեանքի ճանապարհին կան մարդիկ, որոնց ներկայութիւնը լուռ օրհնութիւն մըն է։ Մայրերը այդ բացառիկ էակներն են, որոնք իրենց սիրով, համբերութեամբ եւ նուիրումով կը կերտեն ընտանիքի աշխարհը, կը պահեն տան ջերմութիւնը եւ իրենց զաւակներուն սրտերուն մէջ կը թողուն անջնջելի հետքեր։
Շաքէ մայրիկը այդպիսի կերպար մըն էր։ Իր կեանքը եղաւ սիրոյ, հաւատքի եւ նուիրումի ճանապարհ մը։ Ան ոչ միայն ընտանիքի մը սիւնը եղաւ, այլ նաեւ իր շրջապատին մէջ արժեւորուած, գրասէր եւ հայ մշակոյթին կապուած անձ մը, որ իր ներկայութեամբ փոխանցեց արժէքներ եւ յիշատակներ։
Այսօր, երբ ընտանիքը եւ հարազատներու մեծ շրջանակը կ՛անդրադառնայ իր կորստեան ցաւին, միաժամանակ կը փորձէ պահպանել այն մեծ ժառանգութիւնը, որ Շաքէ մայրիկ թողուց՝ իր սէրը, իր խօսքը, իր աղօթքը եւ իր ապրած կեանքին բարի հետքերը։
Ստորեւ կը հրապարակենք շնորհակալական այս խօսքը՝ ի յիշատակ սիրելի Շաքէ մայրիկին ( Հանգուցեալ որդւոյն Տիար Ժան Հալլաճեանի գրչով)։
Սիրելի հարազատներ,
Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց ցաւակցութիւնը յայտնեցին մեր սիրեցեալ մօր՝ Շաքէին մահուան տխուր առիթով՝ ըլլայ անձամբ ներկայ գտնուելով յուղարկաւորութեան, համացանցի միջոցաւ իրենց սրտակից խօսքերով, թէ նուիրատուութիւններով։
Աստուած ձեր բոլոր սիրելիներուն պարգեւէ երկար, առողջ եւ խաղաղ կեանք։
Այս առիթով մեր ընտանիքին անունով յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հայ Կաթողիկէ երիտասարդ եւ ժրաջան հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Հայկ քհնյ. Շահինեանին, Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, իր ծայր աստիճան հոգատար եւ օրհնաբեր վերաբերմունքին համար՝ մեր ցաւը ամոքելու եւ բոլոր ծիսական կարգադրութիւնները սիրով ու կատարելութեամբ իրականացնելու համար։
Նոյն երախտագիտութիւնը կը յայտնենք նաեւ Տէր Տաթեւ քահանային եւ Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բոլոր պատասխանատուներուն՝ իրենց ծառայութեան եւ հոգածութեան համար։
Մեր մօր ալպիւմին մէջ գտանք նաեւ արժէքաւոր նշխար մը՝ Պր. Մկրտիչ Թաշճեանի ձեռամբ։ Պր. Մկրտիչը հայրն էր հայ Կաթողիկէ վարդապետ՝ երջանկայիշատակ Յովհաննէս (Վարուժան) Թաշճեանի։ Ան իր ժամանակին ճանչցուած էր որպէս գրասէր մտաւորական եւ հայերէնի նուիրեալ ուսուցիչ։
1950-ական թուականներու սկիզբը, ան մեր հօր հետ պաշտօնավարած էր Հալէպի Նոր Գիւղի Յիսուսեաններու (Jesuits) դպրոցին մէջ, որ հետագային ճանչցուեցաւ որպէս Վարդանանց Վարժարան-Վանք։
Շաքէ մայրիկին նուիրուած այս չափածոյ նշխարը, զոր գրած է Պր. Մկրտիչ Թաշճեան 1984-ին, այսօր կը հրապարակենք՝ անոր բարի յիշատակը վերստին կենդանացնելու եւ արժեւորելու համար։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։