image

Ճանաչումը համամարդկային նշանակութիւն ունի. Տիգրան Աւինեան

Ճանաչումը համամարդկային նշանակութիւն ունի. Տիգրան Աւինեան

ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտընի 24 Ապրիլի ուղերձին մէջ ցեղասպանութիւն եզրոյթի օգտագործումը անկիւնաքարային նշանակութիւն ունի Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման հարցով: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ փոխվարչապետ՝ Տիգրան Աւինեան:

Ան, մասնաւորապէս, նշած է. «Հարկ է բարձր գնահատել ԱՄՆ նախագահի անձնական ջանքն ու կառավարութեան քայլը՝ իրերն իրենց անունով կոչելու եւ համամարդկային այդ աղէտի միջազգային ճանաչման գործում ներդրած հսկայական եւ անուրանալի աւանդի համար:

Համոզուած եմ միաժամանակ, որ վաղ, թէ ուշ Թուրքիան նոյնպէս ճանաչելու է Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, ուստի, անկախ հայ-թուրքական յարաբերութիւնների զարգացումից, Ցեղասպանութեան հարցն ու դրա միջազգային ճանաչումը համամարդկային նշանակութիւն ունեն եւ խօսակցութիւնն այդ մասին պէտք է չդադարի: Կարծում եմ՝ իւրաքանչիւր պետութիւն, յանձնառութիւն ստանձնելով, պիտի առաւելագոյնն անի՝ այդպիսի արհաւիրքների կրկնութիւնը բացառելու համար»: