image

Անձնուիրաբար պիտի ծառայեմ հայոց բանակին. Հայրենադարձած ` Նարեկ Ռուշանեան

Անձնուիրաբար  պիտի ծառայեմ  հայոց բանակին. Հայրենադարձած  ` Նարեկ Ռուշանեան

Մեքսիքայէն հայրենադարձուած Ռուշանեաններու բազմանդամ ընտանիքի տղաներէն՝ Նարեկ Ռուշանեան միացած է Հայոց բանակի N զօրամասի զինուորներու շարքերուն։

 

Նարեկը օրերս  անդրադարձած է բանակին մէջ ծառայելու որոշման, զինուորական առօրեային, միաժամանակ փաստելով, որ իր ապագան Հայաստանի մէջ կը տեսնէ, իսկ ծառայութենէն ետք բարձրագոյն կրթութիւն պիտի ստանայ`  հմտանալով տնտեսագէտի մասնագիտութեան մէջ:

 

 

Օտարութեան մէջ պահպանած ենք մեր ինքնութիւնը

 

 -Ծնած եմ Էջմիածին քաղաքին մէջ: 3 տարեկան էի, երբ 2003 թուականին ընտանիքով հաստատուեցանք Մեքսիքայի Էնսենատա քաղաքին մէջ: Այնտեղ ապրելու տարիներուն միշտ երազած եմ Հայաստան վերադառնալու մասին:  Հայերով մէկ բռունցք դարձած` օտարութեան մէջ պահպանած ենք մեր ինքնութիւնն ու աւանդոյթները: Պարտադիր կը նշէինք բոլոր տօները: Տունը հայրս խստօրէն կը հետեւէր, որ միայն հայերէն խօսէինք, սպաներէն խօսելու պարագային` կը նախատէր մեզ: Չնայած այնտեղ հայկական համայնք չկար (մայրաքաղաք Մեքսիքոյի մէջ էր համայնքը), բայց այդ մէկը չէ խանգարած արմատներուն կառչած մնալուն:

Տասնըմէկ տարի ապրելով Մեքսիքայի մէջ` հօրս մահէն յետոյ 2014 թուականին տեղափոխուեցանք Հայաստան: Արդէն մտադրած էի վերադառնալէ յետոյ ուսումս հայկական դպրոցի մէջ շարունակել, եւ, անպայման, պարտքս յանձնել հայրենիքիս առջեւ. չէ՞ որ իւրաքանչիւր հայ տղայ պէտք է ծառայէ բանակին մէջ:

Ճիշդ է, դժբախտաբար, մեր վերադառնալու առիթը հօրս մահը եղաւ, բայց, ինչպէս կ՛ըսեն, Աստուծոյ գործերն անքննելի են, ի վերուստ այդպէս  կանխորոշուած էր: Հայրս նոյնպէս ծառայած է բանակին մէջ: Անոր պատիւը բարձր պահելու համար` պիտի փորձեմ լաւ ծառայել, որ լուսահոգի հայրս երկնքէն ինծի նայի ու հպարտանայ:

 

Երկու տարի պատրաստ եմ անձնուիրաբար ծառայելու ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ

-Շատ գոհ եմ զինուորական ծառայութենէն. որեւէ լարուածութիւն չկայ, համակերպած եմ բանակային առօրեայ կեանքին: Սիրով եւ ուրախութեամբ կը կրեմ զինուորական համազգեստս, այն ինծի մեծ ուժ կու տայ: Հպարտ եմ նաեւ, որ կը կարենամ մասնակցութիւն ունենալ հայրենիքը պաշտպանելու սուրբ գործին, այդպիսով խղճիս առջեւ հանգիստ կը զգամ: Երկու տարի պատրաստ եմ անձնուիրաբար ծառայելու ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ:

Ինծի շատ  կ՛ոգեշնչէ Մոնթէն ու Վազգէն Սարգսեանը: Անոնց կերպարը պէտք է օրինակ հանդիսանայ մեզի համար: Տեղեակ եմ այն պատմութիւններուն, թէ ինչպէս  անոնք պատերազամի ամենածանր օրերուն գօտեպնդած են, խիզախութեան կոչեր ըրած զինուորներուն` բարձր պահելով տղաներու մարտական ոգին:

 Նիւթը ՝Գէորգ  Չիչեանի

«Հայերն Այսօր»