Դեկտեմբերի 9-էն 15-ը ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 250 անգամ, որոու ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 2500 կրակոց:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծին եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն: