Երուսաղէմ ապրող 86-ամեայ հայուհի մը՝ Արփինէ Նագգաշեան, շալեր հիւսած է հայկական բանակի զինուորներուն համար: Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք Արփինէ Նագգաշեանի հարազատներէն: Ան վերջին ամիսներուն ժրաջան կերպով շալեր կը հիւսէ հայոց բանակի զինուորներուն համար եւ ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւի Արցախի ու Հայաստանի սահմաններու ընդհանուր իրավիճակին: Նուիրեալ տիկինը 60 տարիներ հայերէն լեզուի ուսուցչութեան պաշտօն վարած է նախ՝ Յորդանանի «Հեթումեան» եւ ապա՝ Երուսաղէմի «Սրբոց Թարգմանչաց» ամէնօրեայ վարժարաններուն մէջ: Վանեցի ծնողներու զաւակ, Եաֆա ծնած մեր հայրենակիցը մայրն է սաղիմահայ բանաստեղծուհի Անուշ Նագգաշեանին:
