image
Հրատապ լուրեր:

86-Ամեայ Հայուհին Շալեր Հիւսած Է Հայոց Բանակի Զինուորներու

86-Ամեայ   Հայուհին  Շալեր Հիւսած  Է Հայոց Բանակի Զինուորներու

Երուսաղէմ ապրող   86-ամեայ հայուհի մը՝ Արփինէ Նագգաշեան, շալեր   հիւսած է հայկական  բանակի զինուորներուն համար:  Այս մասին տեղեկութիւն  ստացանք   Արփինէ  Նագգաշեանի հարազատներէն:  Ան վերջին ամիսներուն  ժրաջան կերպով շալեր կը հիւսէ հայոց բանակի  զինուորներուն համար եւ ամէնօրեայ դրութեամբ  կը հետեւի Արցախի ու Հայաստանի սահմաններու ընդհանուր իրավիճակին: Նուիրեալ  տիկինը 60 տարիներ հայերէն լեզուի ուսուցչութեան  պաշտօն վարած է նախ՝ Յորդանանի  «Հեթումեան»  եւ ապա՝ Երուսաղէմի «Սրբոց Թարգմանչաց» ամէնօրեայ վարժարաններուն մէջ:   Վանեցի ծնողներու զաւակ,   Եաֆա ծնած  մեր հայրենակիցը  մայրն է սաղիմահայ բանաստեղծուհի Անուշ Նագգաշեանին: