image

Կարմիր Խաչը այցելած է Գեղարքունիքի մէջ գերեվարուած 6 զինուորներուն

Կարմիր Խաչը այցելած է Գեղարքունիքի մէջ գերեվարուած 6 զինուորներուն

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները Պաքուի մէջ այցելած են 27 մայիսին վաղ առաւօտեան Գեղարքունիքի մարզի սահմանային շրջանի երկրաչափական աշխատանքներ կատարելու ժամանակ գերեվարուած վեց հայ զինուորները:

«Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին, Հայաստանի ԿԽՄԿ պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար՝ Զարա Ամատունին տեղեկացուցած է, թէ ԿԽՄԿ Պաքուի ներկայացուցիչները ծանօթացած են հայ զինուորներու պահման պայմաններուն, առողջական վիճակին եւ օգնած են կապ հաստատել ընտանիքներուն հետ: