image

7 Կարեւոր փաստեր ընտրութիւններուն մասին

7  Կարեւոր  փաստեր  ընտրութիւններուն մասին

Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններէն ետք հերթը խորհրդարանականինն է, կրկին արտահերթ: Այդ է պատճառը, որ նախընտրական քարոզարշաւը կարճ պիտի տեւի, գրեթէ 2 շաբաթ:

Քարոզարշաւի մեկնակը երէկ էր՝ 26 նոյեմբերին, իսկ աւարտը՝ 9 դեկտեմբերիին: 8 Դեկտեմբերը լռութեան օր է:

7 փաստ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու վերաբերեալ.-

Սպասուելիք ընտրութիւններուն աւելի շատ քաղաքական ուժեր կը մասնակցին, քան նախորդին: Այս անգամ անոնց թիվը 11 է, իսկ նախորդ անգամ 9 էր: Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող 4 քաղաքական ուժ ընտրապայքարի մէջ նոր կը մտնեն.

  1. «Քաղաքացու որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւն,
  2. «Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւն,
  3. «Սասնայ ծռեր» կուսակցութիւն,
  4. «Քրիստոնեայ-ժողովրդական վերածնունդ» կուսակցութիւն:

3 քաղաքական ուժ ալ նախորդ ընտրութիւններուն այլ կազմ ու ձեւաչափ ունէր: «Մենք» դաշինքի մաս կազմող «Ազատ դեմոկրատներ»-ը առանձին կը մասնակցէր ընտրութիւններուն, իսկ «Մենք»-ի միւս ուժը՝ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը, 2017-ի ընտրութիւններուն «Ելք» դաշինքի կազմին մէջ էր:

Քաղաքական այս միաւորի մէջ էր նաեւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն միայնակ մտած է ընտրապայքարի մէջ եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որ այս տարի «Իմ քայլը» դաշինքի կազմի մէջ է: Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերէն 3-ը մասնակցած են գրեթէ բոլոր համապետական ընտրութիւններուն.

  1.  «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն», 
  2. ՀՅԴ,
  3. Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն:

Կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու համարները որոշուած են վիճակահանութեամբ: Թէ ովքեր կը գլխաւորեն ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական միաւորներուն ցուցակները, կը ներկայացնենք հերթականութեամբ.

  1. ՀՀԿ. ցուցակը կը գլխաւորէ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանը,
  2. «Քաղաքացու որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւն. ցուցակը կը գլխաւորոէ տնտեսագէտ Սուրէն Սահակեանը,
  3. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» կուսակցութիւն. ցուցակը կը գլխաւորէ Արմէն Ռուստամեանը,
  4. «Իմ քայլը» դաշինք. ցուցակը կը գլխաւորէ Նիկոլ Փաշինեանը,
  5. «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն. ցուցակը կը գլխաւորէ Էտմոն Մարուքեանը,
  6. «Քրիստոնեայ-ժողովրդական վերածնունդ» կուսակցութիւն. ցուցակը կը գլխաւորէ քաղաքագէտ Լեւոն Շիրինեանը,
  7. «Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւն. ցուցակը կը գլխաւորէ Լուսինէ Հարոյեանը,
  8. «Մենք» կուսակցութիւններու դաշինք․ ցուցակը կը գլխաւորէ Արամ Սարգսեանը,
  9. «Օրինաց երկիր» կուսակցութիւն. ցուցակը կը գլխաւորէ Արթուր Պաղտասարեանը,
  10. «Սասնայ Ծռեր» համահայկական կուսակցութիւն. ցուցակը կը գլխաւորէ Վարուժան Աւետիսեանը,
  11. «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն. ցուցակը կը գլխաւորէ Գագիկ Ծառուկեանը:

11 ուժերու համապետական ցուցակներու ամենաերիտասարդ թեկնածուները 25 տարեկան են: Ընտրութիւններուն մասնակցող ամենատարեց թեկնածուն 83 տարեկան է ՀՅԴ-էն:

Ընտրութիւններու աւարտին խորհրդարանին մէջ պիտի ըլլան առնուազն 101 պատգամաւոր:

Նախնական տուեալներով՝ ընտրելու իրաւունք ունի 2.574.916 քաղաքացի. անոնք պիտի քուէարկեն Հայաստանի 13 ընտրատարածքներու մէջ: 

Նիւթը՝ «Շանթնիուզ»էն