image

26 Թուրք Առեւտրականներ Ձերբակալուած Են Կրասնոտարի Մէջ

26   Թուրք  Առեւտրականներ Ձերբակալուած Են  Կրասնոտարի Մէջ

ՌՈՒՍԻԱ- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)  Առնուազն    26  թուրք  առեւտրականներ ձերբակալուած են  ռուսական Կրասնոտար  քաղաքին մէջ:  Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ   «Տէյլի Սապահ»ը,  որ նաեւ կը  յայտնէ, թէ  առեւտրականները Կրասնոտար   մեկնած էին` մասնակցելու տնտեսական  ֆորումի մը:   Կրասնոտարի ոստիկանութեան մէկ բանբերը այս մասին   լուր փոխանցելով   յայտնած էր, որ    թուրքերը պիտի մնան  ոստիկանութեան խիստ    հսկողութեան տակ եւ   շատ  հաւանական է, որ անոնք արտաքսուին դէպի իրենց երկիրը:   Թուրքիոյ իշխանութիւններուն մերձ համարուող    տարբեր  բանբերներ յայտնած են, որ թուրք առեւտրականներուն  ձերբակալութիւնը կապ ունի     ռուսական   «Սու -24»-ի  խոցման  դէպքին  եւ անոր հետեւանք եղած  բարդացումներուն հետ: