image

ԼԳԲՏ Համայնքի դէմ ցոյց կազմակերպած 12 վրացիներ ձերբակալուած

ԼԳԲՏ Համայնքի դէմ ցոյց կազմակերպած 12 վրացիներ ձերբակալուած

 

Վրաստանի ՆԳՆ աշխատակիցները 12 մարդ ձերբակալած են Թիֆլիսի մէջ կայացող հանրահաւաքի ժամանակ, որու մասնակիցները դէմ հանդէս կու գային ԼԳԲՏ համայնքի աքթիւիսթներու համար վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութեան:

 

«12 մարդ ձերբակալուած է: Անոնք բոլորը վարչական կալանքի տակ կը գտնուին՝ 166 (մանր խուլիկանութիւն) եւ 173 (անհնազանդութիւն ոստիկանութեան) յօդուածներով»,- ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդմամբ՝ ըսուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

 Թիֆլիսի մէջ հինգշաբթի մեկնարկած է ԼԳԲՏ համայնքի ներկայացուցիչներու իրաւունքներուն նուիրուած շաբաթը: Միջոցառումներու կազմակերպիչը «Թիֆլիսի փրայտ» հասարակական կազմակերպութիւնն է: Առաջին օրը նուիրուած է վաւերագրական ֆիլմի փակ ցուցադրման:

 Ցուցադրման վայրը գաղտնի եղած է, սակայն աւանդական արժէքներու շարք մը պաշտպաններ գիտցած են, միջոցառումը ուր տեղի պիտի ունենայ, եկած են շարժանկարի թատրոնի մօտ եւ փորձած են խոչընդոտել ֆիլմի ցուցադրութեան կայացումը: Այստեղ անոնց դիմաւորած են ոստիկանութեան աշխատակիցները: Իրավիճակը սրած է, երբ միջոցառման հիւրերու վրայ սկսած են քարեր, շիշեր եւ հաւկիթներ նետել: