Շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցած ճաշկերոյթի ընթացքին ամերիկահայ հայրենակիցներ յաջողած են 400 հազար ամերիկեան տոլար հանգանակել յօգուտ Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանին։
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է Լոս Անճելոսի «Ասպարէզ»ը նշելով նաեւ, որ ճաշկերոյթը կայացած է Նիւ Բորթ նաւանագիստը խարիսխ նետած «Իթըրնըթի զբօսանաւուն վրայ։
Թերթը կը նշէ, որ 1986ին, Մինասեանի ընտանիքի առատաձեռն աջակցութեամբ ճամբայ ելած վարժարանը՝ միշտ իր կողքին ունեցած է վարժարանին համակիրները եւ համայնքը։
Երեկոյթի ընթացքին խօսքերով հանդէս եկած են շրջանի հոգեւոր հովիւը, ինչպէս նաեւ վարժարանի տնօրէնուհի Սանան Շիրինեան։
Այնուհետեւ, հոգաբարձութեան երկարամեայ անդամ Քրիստափոր Կիւլճեան շեշտեց համայնքին ունեցած յատկանշական ներուժը, ինչպէս նաեւ միասնական աշխատելու կարեւորութիւնը՝ ի սպաս ապագայ սերունդներուն։ Ան նաեւ ներկայացուց օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ «Սըքսեշըն Քեփիթըլ»ի հիմնադիր Ճիւլիըն Մովսէսեանը, անոր հակիրճ կենսագրականը եւ իրագործումները։
Իր ելոյթին մէջ, Մովսէսեան շեշտեց վարժարանին կենսական դերակատարութիւնը համայնքին համար, նոյն ժամանակ կոչ ընելով ներկաներուն, որ նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնին անոր։ Ապա յայտարարուեցաւ, թէ տէր եւ տիկին Ճիւլիըն եւ Ալին Մովսէսեաններ որոշած են 200,000 տոլար նուիրել վարժարանին։
Այս առիթով, Մովսէսեաններուն յանձնուեցաւ յատուկ յուշանուէր մը, որ ձեւաւորուած էր Մայքըլ Արամի կողմէ, որ անցեալ Նոյեմբերին վարժարան այցելած էր եւ հետաքրքրական հանդիպում մը ունեցած էր աշակարտներուն հետ։