image

Իրանի նախագահը «հաստատած» է, որ դէպի գրաւեալ Արցախ ճանապարհորդութիւնը անվտանգ էր

Իրանի նախագահը «հաստատած» է, որ դէպի  գրաւեալ Արցախ  ճանապարհորդութիւնը  անվտանգ էր

Ոմանք կ՚ըսէին, որ այս ճամբորդութիւնը կրնայ լեցուն ըլլալ վտանգներով, կամ ճամբուն ընթացքին կրնան խնդիրներ ծագիլ։ Բայց, փառք Աստուծոյ, ինչպէս մեր մեկնումը անցաւ առանց որեւէ խնդրի, նոյնպէս մեր վերադարձն ալ անցաւ ամբողջական խաղաղութեամբ եւ անվտանգութեամբ։

Այս մասին՝ բռնագրաւուած Արցախէն Իրան հասնելուն պէս, յայտնած է Իրանի նախագահ Փեզեշքեան, ըստ Mehr գործակալութեան։

Ան նաեւ նշած է, որ Էրտողանի հետ հանդիպումը անցած է կառուցողական մթնոլորտի մէջ, ընդգրկելով թէ՛ տնտեսական հարցեր, եւ թէ Իսրայէլի կողմէ իրականացուած յարձակումներու քննարկումը։

Անոր համաձայն, Թուրքիոյ նախագահը բացայայտ կերպով դատապարտած է Թել Աւիւի գործողութիւնները, եւ կողմերը խորհրդակցած են հետագայ դիւանագիտական քայլերու մասին։

Խօսելով Ալիեւի հետ հանդիպման մասին՝ Իրանի նախագահը ընդգծեց, որ հանդիպումը անցած է «դրական եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ»։