image

«Յուլիս 5-ին յայտարարում ենք մէկօրեայ հացադուլ». Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի եւ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի յայտարարութիւնը

«Յուլիս 5-ին յայտարարում ենք մէկօրեայ հացադուլ». Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի եւ  Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի յայտարարութիւնը

Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանն ու «Սրբազան պայքար» շարժման առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը յուլիս 5-ին մէկօրեայ հացադուլ պիտի յայտարարեն, յայտնած է Աջապահեանի պաշտպանական խումբը՝ ներկայացնելով կալանավայրէն անոր տարածած յայտարարութիւնը։

«ՀՀ Սահմանադրութեան օրուան առիթով՝ մեր նկատմամբ ընթացող հակասահմանադրական գործընթացը դատապարտելով, մենք՝ Միքայէլ եւ Բագրատ սրբազաններս, յուլիս 5-ին յայտարարում ենք մէկօրեայ հացադուլ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։ 

Միքայէլ Աջապահեանը կալանաւորուած է երկու ամիսով՝ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 422-րդ յօդուածի 2-րդ մասով։ Ըստ Քննչական կոմիտէի՝ ան զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու միջոցով տարածած է կոչեր, որոնք, ըստ մեղադրանքի, ուղղուած եղած են իշխանութեան իւրացման եւ սահմանադրական կարգի տապալման։

Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը նոյնպէս կալանաւորուած է երկու ամիսով։ Անոր նկատմամբ քրէական վարոյթ յարուցուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի միաժամանակ երեք յօդուածներով՝ ահաբեկչութիւն, զանգուածային անկարգութիւններ եւ իշխանութեան զաւթում նախապատրաստելու յատկանիշներով։

Երկու հոգեւորականներն ալ չեն ընդունիր իրենց առաջադրուած մեղադրանքները՝ անոնք որակելով որպէս քաղաքական հետապնդում։