image

Լոս Անճըլըս.Oրէնճ Քաունթիի Ազգ. Արի Կիրակոս նախակրթարանի սաները ստացած են Առաջնորդ Սրբազանի օրհնութիւնը

Լոս Անճըլըս.Oրէնճ Քաունթիի  Ազգ. Արի Կիրակոս նախակրթարանի սաները ստացած են Առաջնորդ Սրբազանի օրհնութիւնը

Օրերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան (Կիլիկեան) Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ, ընդունած է Oրէնճ Քաունթիի Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան նախակրթարան վարժարանի վերջին երկու դասարաններու աշակերտութեան, աւարտական դասարանին  Հայաստան մեկնելու նախօրէին: 

Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ ատոր մասին ներկայացուած գրառումը՝

Երկուշաբթի, 2 Յունիս 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Oրէնճ Քաունթիի Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան նախակրթարան վարժարանի վերջին երկու՝ 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտութեան, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի՝ Տիկին Անի Շահինեան-Սարգիսեանի եւ ուսուցիչներու:

Այցելութեան ներկայ եղաւ նաեւ Oրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան:

Արդարեւ, աւարտական դասարանը՝ Հայաստան մեկնելու նախօրէին եկած էր Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ հայրական յատուկ օրհնութիւններ ստանալու, ինչպէս այս մասին իր խօսքին մէջ ըսաւ տնօրէնուհին, որ վարժարանին անունով միաժամանակ ուրախութիւն յայտնեց՝ վարժարանին նկատմամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ցուցաբերած ուշադրութեան եւ հայրական հոգատար վերաբերումին համար:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր կարգին, մեծ ուրախութեամբ լեցուեցաւ երբ իրարու ետեւէ եւ գեղարուեստական վարպետութեամբ կազմակերպուած աշակերտական յայտագիրին հաղորդ դարձաւ: Աղօթական ու հայրենասիրական ապրումներու ճոխութեամբ մատուցուած աշակերտական յայտագիրը ըմբոշխնելէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դրուատեց աշակերտներուն, անոնց ուսուցիչներուն եւ վարժարանի պատասխանատուներուն կողմէ տարուած գնահատելի աշխատանքը եւ իր հայրական ջերմ խօսքերը, ուղեցոյց-խրատներն ու օրհնութիւնները փոխանցեց Հայաստան մեկնող իւրաքանչիւր աշակերտի, թելադրելով անոնց օրագիր պատրաստել եւ հայրենիք իրենց առաջին այցելութեան քաղցրութիւնն ու ապրուած անմոռանալի յուշերը ամփոփել տետրակի մը մէջ, ապագային վերստին կարդալու համար զանոնք:

Ազգ. Առաջնորդարան այցելութիւնը ընդգրկեց նաեւ աղօթական պահ՝ կառոյցի Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատուռի լուսաւոր պատերուն ներքեւ, ուր երկիւղածութեամբ հաւաքուեցան Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի մեծ ու փոքր այցելուները Առաջնորդ Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ վայելեցին հայոց ազգային ու եկեղեցական պատմութիւնը յուզող բազում դրուագներ:

Իրենց Հոգեւոր առաջնորդին հետ կողք կողքի ու միասնաբար, պատանի աշակերտները նաեւ երգեցին աղօթք ու քայլերգ եւ ականջալուր եղան Գեղամ Արքեպիսկոպոսի՝ «Ազգ. Առաջնորդարանը, այս Հոգեւոր կեդրոնը ձեր երկրորդ տունն է» սրտառուչ խօսքին, ապա անոր հայրական օրհնութիւնները իրենց հետ առած՝ վերստին այցելելու խոստումով բաժնուեցան Ազգ. Առաջնորդարանէն: