Մայրս յարատեւ կ'աղօթէր, որ երկինք փոխադրուիլը ըլլար յանկարծակի, արագ եւ առանց ցաւի եւ այլոց նեղութիւն չպատճառելով։ Այսպէս պատուեց զինք Տէրը երբ իր աղօթքը բառացիօրէն լսեց եւ պատասխանեց։
Վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է քեսապցի Աստղիկ Աբէլեան: Հանգուցեալի աճիւնները իր կտակ-փափաքին համաձայն իրենց հանգիստը գտած են Քեսապի հողին մէջ:
Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ հանգուցեալի աւագ որդիէն՝ Ստեփան Աբէլեանէն։
Ստորեւ Աբէլեանի գրչով հրապարակուած սրտառուչ մահագրականը։
«Աստղերուն թիւը կը համրէ, անոնք ամէնքն ալ ԻՐԵՆՑ անուններովը կը կանչէ։ Սաղմոս 147։4:»
Աստղիկ Աբէլեան, յոյլ մը աստղերէն մէկն էր, որ Աստուած իր անունովը կը ճանչնար եւ իր անունովը կանչեց Քովը յաւիտեան ապրելու, մեր տան փայլուն Աստղիկը հեռացաւ մեզմէ մարմնով`յաւիտեան։
Մայրս յարատեւ կ'աղօթէր, որ երկինք փոխադրուիլը ըլլար յանկարծակի, արագ եւ առանց ցաւի եւ այլոց նեղութիւն չպատճառելով։ Այսպէս պատուեց զինք Տէրը երբ իր աղօթքը բառացիօրէն լսեց եւ պատասխանեց։
Փոքրակազմ էր։ Մարմնի բոլոր չափերը մանրակազմ էին, սակայն ունէր խիստ տոկուն կառոյց։
Եօթանասուն երեք տարիներ ապրած եմ մօրս հետ, ֆիզիքապէս ներկայ ըլլալով կամ`ոչ։ Միշտ միասին էինք։
Կը ճանչնայի զինք այնպէս ինչպէս կը ճանչնամ ինքզինքս։ Իր զգացումները, ապրումները, հոգերը, վախերը, կամքը եւ հաստատակամութիւնը, իմաստութիւնը եւ հեռատեսութիւնը։
Ես անձնապես ապրած եմ եւ վայելած մօրս առաքինութիւնը, իր անդադար աղօթքները, աներկմիտ հաւատքը, աշխատասիրութիւնը եւ այն անվերջ յատկութիւնները, որոնք Սողոմոն իմաստուն իր Առակաց գրքին 31-րդ գլխուն մէջ կը յիշէ որպէս առաքինի կնկան անթիւ ստորոգելիները։
Գիւղական անվերջ տքնաջան գործերը զինք բնաւ չընկրկեցին։
Քաջաբար պայքարեցաւ հօրս հետ կողք կողքի` պահելու մեր ընտանիքը լաւագոյն հասանելի պայմաններու մէջ։
Շատեր լաւ գիտեն թէ ինչ տեսակ կեանքի եւ գործի մասին կը խօսիմ, երկրագործութիւն եւ գիւղական տաժանակիր աշխատանք։ Հողը ճանկելով, քարը ծեծելով էր որ գիւղացին իր օրապահիկը կրնար արդար քրտինքով վաստակել։ Հողը ժլատ է եթէ զայն նուաճողը քրտինքով չողողէ։
Ականատես եւ մասնակից եղած եմ առատ քրտինք թափելուն։ Մեր կանուխ հասակէն, ինչպէս գիւղացի շատ մը պատանիներ, թեւ թիկունք էինք մեր ծնողներուն։
Յետ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի սերունդէն էին, որոնք նորակազմ ընտանիք մը պահելու ուխտը ըրած էին եւ յետ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ծանր պայմաններուն դէմ յանդիման էին։
Պիտի չխօսիմ այդ ժամանակաշրջանին տիրող տնտեսական եւ քաղաքական անբաղձալի պայմաններուն մասին։ Պարզապէս ականատես եւ մասնակից էի ծնողքիս տաժանակիր աշխատանքին։
Մայրս, գիւղի բոլոր մայրերուն նման ունէր տասնեակ դերեր եւ պարտաւորութիւններ։ Երկու զաւակի մայր էր, կին, հարս` սկեսրայրի եւ կեսուրի հոգատարութիւն, կենդանաբուծութիւն, պարտիզպանութիւն, տան գործեր, ընկերային շրջանակի պարտաւորութիւններ, եկեղեցական պարտաւորութիւն եւ շարքը երկար էր։ Գիւղ ապրողներ շատ լաւ գիտեն այս մանրամասնութիւնները։
Հաւատացեալ էր բառին բուն իմաստով, մեզ` իր զաւակները եւ ընտանիքը քարոզներով եւ ուռուցիկ խօսքերով չէր, որ հաւատքի առաջնորդեց։ Մայրս կենդանի օրինակ էր բարեպաշտութեան` գործնապէս եւ ոչ բանիւ։ Ինչ որ մեզի սորվեցուց կենդանի օրինակով` գործով սորվեցուց, իր մարմինը զոհելով` լուռ առանց փողի եւ շեփորի։ Իր լուռ աղօթքի, Աստուածաշունչի ընթերցանութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ օրինակ եղաւ եւ մենք զինք դիտելով, իր կեանքին հետեւեցանք եւ իր քայլերուն հետքով ընթացանք։
9 տարիներ եղաւ գիւղի ուսուցչուհի, դաստիարակ եւ կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչուհի, վկայ՝ իր աշակերտները, որոնք իրենց յուշերուն մէջ չզլացան բաժնեկցիլ ցաւակցական գրութիւններով, հեռաձայնով եւ ակնարկներով Դիմատետրի (Ֆէյսպուքի) Էջերուն վրայ։ Դաստիարակեց սերունդ մը, որ զինք կը փնտռէր հեռուէն եւ մօտէն։ Դժուար էր իր այդ պարտականութիւնը. առտու կանուխ, նախ տան բոլոր գործերը կարգի պիտի դնէր, կենդանիներուն հոգար, կովերը կթէր` իր փոքր ափերը եւ մանր մատները դժուարաւ կը սեղմէին կովուն պտուկները, «Ձեռքերս եւ մատներս թուլցան եւ յոգնեցան» կ'ըսէր, «Ալ ուժ չունիմ» կը գանգատէր, երբ դպրոց երթալ կ'աճապարէր։
Յայտնի կամ «վճռուած» ամսական մը չունէր։ Տարեկան ինչ որ դպրոցին նպաստ հասնէր, Հովիւը անկէ մաս մը իրեն կը յատկացնէր։ Պատահեցաւ տարի մը, որ տարեվերջին, Հովիւը այցելեց մօրս եւ յայտնեց որ նիւթական պիտի չկարենայ տալ ուսուցչուհիին։ Այդ տարին նուէր սեպեց դպրոցին։ Անշուշտ տան մէջ պահ մը խռովութիւն եղաւ, բայց անելի առջեւ շուտով փառատեցաւ։
Այս նուիրեալ կեանքի օրինակները իր քրիստոնէական Հաւատքի վկայութիւններն էին, որոնք մենք մօրս հետ ապրեցանք, ու թրծուեցանք իր կեանքի օրինակով։
Մեր տան լուռ «ոսկի աքաղաղն» էր։
Իրեն համար տան տնտեսութիւնը կարեւոր էր։ Տարուան պարէնը ամբարել, ապահովել մթերքներ, միրքեր՝ չոր եւ եփուած, ձմեռնային տեսակաւոր պահածոն ապահոված էր միշտ։ Այս բոլորը կ'ընէր հանդարտ, հաստատ, փորձառու, իմաստուն կերպով, այնպէս որ ընտանիքը այնքան ինքնավստահ կրնար դիմաւորել Քեսապի խիստ ձմեռը, բնութեան պարտադիր ստեղծած պայմաններուն մէջ, մեր անմիջական եւ հիմնական կարիքները բնաւ չէին սարսափեցներ մեզ։
Գիտէր յարգել պատշաճութիւնները բոլորին հանդէպ։ Երբ Պէյրութէն տուն արձակուրդի վերադառնայինք, առաջին պատուէրը կ'ըլլար, երթալ այցելել գիւղի բոլոր ծերերը, անկարողները, եւ բնաւ` պարապ ձեռքով, հարկաւոր էր տանիլ թէկուզ քանի մը շաքար հիւրասիրելու։ «Չաւուշ պապուկը այս տարի տունէն չի կրնար ելլել, առաջ հոն գացէք»: Անուններով էին պատուէրները, Սառա նանան, Յովսէփ պապուկը, Չալապա նանան եւ շարքը երկար էր։ Հարկաւոր էր այդ պարտականութիւնները լի ու լի ամբողջացնել, նախքան մեր պատանեկան կարօտցած խաղերը, որսը եւ այլ հետաքրքրութիւններ ընելը։
Մայրս եղաւ զաւակներուս մեծ մայր եւ խնամող, Անին դպրոցի տնօրէնուհի ըլլալով տան բոլոր տնօրինումները իրեն ձգած էր, եւ այդպէս` եղաւ մեծ մայր եւ մայր զաւակներուս, ինչ որ շատ զօրաւոր կապ եւ սէր ստեղծած էր իրենց միջեւ։
Քեսապի վերջին տարիներու աղէտը եւ տեղահանութիւնը մեծ վէրքեր բացին մօրս սրտին եւ հոգիին մէջ։ Միշտ երազած էր ունենալ իր անձնական յատուկ անկիւնը, մանաւանդ երբ երիտասարդ տարիքին, 56 տարեկանին, այրիացաւ, կորսնցուցինք հայրս 64 տարեկանին, որմէ ետք մայրս եղաւ տան մայրն ու հայրը բարոյական բոլոր իմաստներով։ Իր ուսերուն վրայ բարդուած զգաց զոյգ դերերը հօր եւ մօր։ Կը յանդիմանէր զիս հօրս նման, կ'ուղղէր, կը քաջալերէր, կ'օրհնէր եւ զիս առանձին մնացած ըլլալու զգացումէն կ'ուզէր զերծ պահել։ Դժբախտաբար այդ առանձին սենեակը, որ ունեցաւ տարիներ երազելէն ետք, երկար չկրցաւ վայելել, ու գաղթի ցուպը առած հասանք Միացեալ Նահանգներ, ինչ որ եղաւ իր կեանքի վերջին հանգրուանը։
Երազեց Քեսապը, իր տունը, սենեակը եւ իր 85 տարուան անցուցած կեանքը սիրելի Քեսապին մէջ, իր` լաւ եւ վատ օրերով, դժուար եւ հեշտ օրերով, նեղութեան եւ առատութեան օրերով, միշտ կարօտով։ Փափաքն էր հօրս մօտ թաղուի եւ ովկեանոսներ չբաժնեն երկու անմեղ մարմինները։ Թէկուզ երկինքին մէջ հոգիները պիտի միանային, բայց փափաքն էր աճիւնները մօտ ըլլային։
Լաւատես էր հոս գաղթօճախին մէջ իսկ, կ'ուզէր միշտ լաւ կողմը տեսնել, յաճախ կ'ըսէր «բնաւ մտքէս չէր անցած որ առիթ պիտի ունենամ տեսնել հին հին ընկերներ, դասընկերներ, ծանօթներ, եղբայրներ, թաղեցիներ, որոնք վաղուց գաղթած էին Քեսապէն, եւ շատ շատ նոր դէմքեր ու հարազատներ։»
Միշտ աղօթքով, հեռուստացոյցէն քարոզներ մտիկ ընելով, ընթերցելով եւ զԱստուած փառաբանելով անցուց իր պանդխտութեան օրերը։ Իր անբաժան ընկերն էր իր սիրելի խնամին Արաքսի Չիւրիւքեանը։ Կողք կողքի կ'անցնէին իրենց օրը մինչեւ ուշ գիշեր։
Կիրակի օրերը Նուազագոյն 4-5 քարոզներ կը լսէին հայկական կայաններէն։ Իւրաքանչիւրը իր նախընտրած ճաշը եւ ուտելիքը ունէր։ Գոհունակ եւ երախտապարտ էին բոլորին անխտիր, անոնց մատուցած ծառայութեան համար։ Ուրախութիւնը անսահման կ'ըլլար երբ հարազատ մը, բարեկամ մը եւ կամ ծանօթ մը այցելէին մեզ։
Անձկութեամբ կը լսէր Քեսապէն լուրեր, միշտ իրապաշտ ըլլալով որ ԱԼ ՊԻՏԻ ՉԿՐՆԱՅ ՏԵՍՆԵԼ ՔԵՍԱՊԸ։
Քեսապի կարօտով, հողի եւ տունի կարօտով, հարազատներու կարօտով աչքերը փակեց խաղաղ, լուռ աղօթքով։ Մարեցաւ մեր տան Աստղիկը փայլելու վերէն՝ երկինքէն լոյս սփռելով մեր նահապետական ընտանիքի իւրաքանչիւր անհատի հոգիին վրայ։
Հանգչիր մայրս խաղաղ յաւիտեան քու պաշտած Տիրոջդ ներկայութեան մէջ։
Հողը թեթեւ ըլլայ աճիւնիդ վրայ։
29 Մայիս 2025
Քօրօնա
ԱՄՆ