image

Ճիչը Քեսապի

Ճիչը Քեսապի

Ահա՛, մէկ մասունք եւըս Կիլիկիոյ,

Դարձեալ ապրեցաւ խայթ մը ահռելի,

Խաղերով սողուն՝ վայրագ թուրքը նոր,

Կրկնեց օսմանեան ոճիրն եղեռնի։

 

Կը լսուին ողբի ձայներ գըրիչէս,

Կը բխի արի՜ւն, այրած էջերէս,

Երբ երգեմ յանկարծ ճիչը Քեսապի՝

Կը փակուին ամպոտ փեղկերն դըրախտի։

 

Ահա՛, մէկ մասունք եւըս Կիլիկիոյ,

Դարձեալ ապրեցաւ խայթ մը ահռելի,

Խաղերով սողուն՝ վայրագ թուրքը նոր,

Կրկնեց օսմանեան ոճիրն եղեռնի։

 

Փոթորկէ՛, հայ շունչ, որ ամպն հեռանայ,

Որ բացուի պայծառ երկինքըդ կապոյտ,

Սուրբ հողիդ գոյնով, թուղթիս հետ արեան՝

Ծածանէ՛ հպարտ, դըրօշ եռագոյն։

Կայլակ

Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974...