Հայրենի տաղանդաշատ դերասան Խորէն Լեւոնեան օրերս նոր ամուսնութիւն մը կնքած է։
Ստորեւ այդ մասին «Թերթ. ամ.» կայքի հաղորդումը՝
Դերասան Խորէն Լեւոնեան ամուսնացեր է: Հարսնցուն դերասանուհի, երգչուհի Էմմա Ազիզեանն է, որուն հետ դերասանը վերջին շրջանին յաճախ կը գտնուէր հանրային վայրերու մէջ:
Համացանցի մէջ եկեղեցւոյ մէջ պսակադրութենէն նկարներ հրապարակուած են։
Խորէն Լեւոնեանն ու Էմմա Ազիզեանը պսակադրուած են Վազգէն Սարգսեանի եղբօր դստեր՝ Նոնա Սարգսեանի եւ անոր ամուսին՝ Գրիգոր Տէր-Ղազարեանի քաւորութեամբ:
Նշենք, որ անոնք միասին նկարահանուած են «Հոթել Կրանտ» տեսաշարին մէջ: